ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ 

Կիրակնրօեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն - Կիրակի 1 Մարտ 2020 - Բ. Կիրակի Քառասնորդաց

Յիսուս աշխարհ եկած է առաքելութեան մը համար։ Ան կ՛ուզէ հասկցնել մարդկութեան թէ Օրէնքը տառացիօրէն գործադրելով չէ որ կրնայ մէկը փրկութեան հասնիլ, այլ ներքին փոփոխութիւն մը հարկաւոր է ամէն մարդու համար։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մարդս ի՞նչ է բնութեան տարրերուն առջեւ. ահա փոքր ու անտեսանելի վիրուս մը ահի ու սարսափի կը մատնէ համայն մարդկութիւնը: Պատճառ մը եւս որ լրջօրէն մտածենք, Մեծ Պահքի այս շրջանին, դիմելու համար ապաշխարանքի եւ Տիրոջ օրէնքին վրայ լրջօրէն մտածելու, մանաւանդ սիրոյ օրէնքին որ գլխաւորն է ու մեծագոյնը:

Յիսուս աշխարհ եկած է առաքելութեան մը համար։ Ան կ՛ուզէ հասկցնել մարդկութեան թէ Օրէնքը տառացիօրէն գործադրելով չէ որ կրնայ մէկը փրկութեան հասնիլ, այլ ներքին փոփոխութիւն մը հարկաւոր է ամէն մարդու համար։ Մարդը մեղքի առաջնորդողը ներքին փափաքն է, ցանկութիւնը, քէնը, վրէժխնդրութիւնը։ Ուստի չի բաւեր ըսել թէ չենք մեղանչեր, ուստի արդար ենք. Հարկ է որ մեր մէջէն արմատախիլ ընենք ոխակալութեան, նախանձի եւ ընչաքաղցութեան ամէն զգացում, որպէսզի նախ մեր սիրտը մաքրուի եւ մեր հոգին վստահաբար աւելի մաքուր կ՛ըլլայ։

Մովսէս տուաւ ժողովուրդին oրէնք մը, որ ներշնչուած է Աստուծմէ. Մովսէս ինք չհնարեց այդ օրէնքները, այլ Աստուծոյ տուած ուղղութիւններուն հետեւեցաւ. Ուստի Օրէնքը կու գայ Տիրոջմէ, եւ կարելի չէ զայն մերժել կամ ջնջել։ Եթէ Յիսուս ջնջել տար կարգ մը օրէնքներ եւ սորվեցնէր ժողովուրդին այդպէս ընթանալ, հակառակ գործած պիտի ըլլար իր իսկ Հօր կամքին եւ անոր դրած օրէնսդրութեան։  Բայց ինչ որ Յիսուս կ՛ուզէ բացատրել` այս է. այդ օրէնքները զորս իր Հայրը տուած է Մովսէսի, յաճախ սխալ մեկնաբանուած են եւ անոնց տառացի գործադրութիւնը աւելի կրնայ վնասել մարդուն քան թէ բարիք ընել։

Բոլոր օրէնքները ենթակայ են մեծագոյն Oրէնքի մը, որ է եղբայրսիրութեան օրէնքը։ Եթէ օրէնքի մը գործադրութիւնը կ՛ենթադրէ ոչ եղբայրսիրական արտայայտութիւն մը կամ արարք մը, նովին գործով` այդ օրէնքի գործադրութիւնը կրնայ երկրորդական կարգի անցնիլ։ Օրինակի համար, Հրէաները կը գործադրէին անխախտ կերպով շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքը, այն աստիճան որ ոմանք իրենց ընկերոջ օգնութեան չէին հասներ, երբ ան վտանգի կամ նեղութեան մէջ գտնուէր շաբաթ օր մը։

Մաքրութեան օրէնքը կ՛արգիլէր իրենց արեան դպչելու։ Այսպէս կը տեսնենք օրէնքի մարդ մը, Ղեւտացին, տաճարի մարդ մը` քահանան, որոնք օգնութեան չեն փութար գետին ինկած մահամերձ ու վիրաւոր հրէայի մը, որովհետեւ ան արիւնլուայ է. անոր դպչելով` կրնան աղտոտուիլ եւ օրէնքի համաձայն` պիղծ նկատուիլ։

Այսպիսի եւ շատ մը ուրիշ պարագաներու մէջ` Յիսուս կը թուի հակառակիլ օրէնքին, սակայն ան չի ջնջեր զայն, այլ կ՛ուզէ կատարելագործել եւ սորվեցնել թէ ինչն է կարեւորագոյնը մարդուս կեանքին մէջ, օրինապահութիւնը՞ թէ եղբայրսիրութիւնը, զոհը՞, պատարագը՞ թէ ողորմութիւնը։

Եթէ այսօր կ՛ուզենք հետեւիլ Քրիստոսի ցուցմունքներուն, մենք չենք կրնար նկատի չառնել օրէնքները, ըլլան անոնք մարդկային, ընկերային, քաղաքական, բարոյական թէ եկեղեցական. Կարելի չէ այս օրէնքներուն չհնազանդիլ, առարկելով թէ մենք միայն Քրիստոսի օրէնքին կը հետեւինք։ Քրիստոսի օրէնքը կ՛ենթադրէ այս բոլոր հիմնական օրէնքները, անոնց վրայ աւելցնելով սիրոյ օրէնքը, որ ենթահողը կը կազմէ ամէն օրէնսդրութեան, որ հիմնուած է փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի ու արդարութեան վրայ։

Ուրիշ կէտ մը զոր Յիսուս կը սորվեցնէ մեզի այն է որ Աստուծոյ սէրը չի կրնար արհամարհել սէրը ընկերոջ հանդէպ։ Այլ խօսքով, ինչպէս կ՛ըսէ Յովհաննէս Առաքեալ, կարելի չէ սիրել զԱստուած որ չենք տեսներ եթէ նախ չսիրենք մեր ընկերը զոր կը տեսնենք եւ որուն հետ կ՛ապրինք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2020, 09:26