Գերապայծառ Միրիաթեան Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին նուիրեց Հալէպի հայութեան վերածնունդը խորհրդանշող յուշատխատակ։ Գերապայծառ Միրիաթեան Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին նուիրեց Հալէպի հայութեան վերածնունդը խորհրդանշող յուշատխատակ։ 

Գերապայծառ Միրիաթեան Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին նուիրեց Հալէպի հայութեան վերածնունդը խորհրդանշող յուշատխատակ։

Յուշատախտակը շինուած է Հալէպի Մայր Օգնութեանց հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ՝ սուրիոյ պատերազմի բերումով կործանուած ու փլատակ գմբէթի փայտերէն։

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ

Ուրբաթ 6 Մարտ 2020-ի առաւօտեան, Սուրիոյ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնին տուած հերթական այցելութեան ծիրէն ներս, իր հետ բերաւ յատուկ մէկ նուէր. Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Մայր Օգնութեանց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ առաստաղէն փայտէ բեկոր մը, որուն վրայ տեղադրուած է խաչեցեալ Քրիստոսը։

Ունկնդրէ լուրը

Նուէրը յանձնելով Խմբագրութեան անձնակազմին գերապայծառ Տէրը բացատրեց թէ այդ յուշատախտակը շինուած է Հալէպի Մայր Օգնութեանց Հայ Կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ՝ սուրիոյ պատերազմի բերումով կործանուած ու փլատակ գմբէթի փայտերէն, որպէս խորհրդանիշ յոյսի, վերածնունդի եւ յարութեան, տրուած ըլլալով որ 1840-ին կառուցուած վերոնշեալ Աթոռանիստ Եկեղեցին՝ որ փլուզուած էր Հալէպի մէջ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած զինեալ բախումներու հետեւանքով, մէկ տարի տեւող վերաշինութեան աշխատանքներէն ետք, վերադարձաւ իր անցեալի հմայքին ու անոր բացումը մեծ շուքով կատարուեցաւ անցեալ 2019-ի դեկտեմբերի 8-ին։

Վատիկանի Ռատիոկայանին տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Արհիապատիւ գերապայծառ Տէրը, խմբագրութեան անձնակազմին հետ զրուցեց տարբեր նիւթերու շուրջ՝ սկսեալ Սուրիոյ քաղաքական կացութենէն, հայութեան ապրած դժուարութիւններէն ու եկեղեցւոյ հովուական խնամակալութեան առաքելութենէն, անցնելով իր ունեցած հանդիպումներուն, այլ հոգեւորականներու ու միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ Պարի քաղաքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Միջերկրականը խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով միջերկրականի հետ կապ ունեցող եպիսկոպոսներու վեհաժողովին, որուն եզրափակումը կատարեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Գերապայծառ Տէրը երախտագիտութեամբ յիշեց նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան կողմէ վերջերս վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, գնահատելով այդ քայլը ու մաղթելով որ այլ արաբական երկիրներ եւս հետեւին Սուրիոյ օրինակին։

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբերգութեան անձնակազմը երախտագիտութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ ընկալեց Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին յատուկ նուէրը, մաղթելով որ Հալէպահայութիւնը ու ընդհանրապէս Սուրիահայութիւնը կարողանայ յարատեւել  վերազարթօնքի ու վերականգնումի դժուար սակայն կարելի ընթացքին մէջ, բոլոր հայութեան ապահովեցնելով աղօթքներ եւ աջակցութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 10:35