Գերապայծառ Պէզեզեան Կարդինալ Սանտրիի հետ միասին (15.11.2019) Գերապայծառ Պէզեզեան Կարդինալ Սանտրիի հետ միասին (15.11.2019) 

Գերապայծառ Պէզեզեան. «Փախստականները՝ օգնութեան կարօտ յուսահատ մարդիկ են»։

Փախստականները յուսահատութեան մատնուած ու տառապող մարդիկ են ու կարօտը ունին զգալու թէ իրենց կողքին կան մարդիկ ու անհատներ որոնք կ՛ուզեն իրենց թիկունք կանգնիլ։ Եկեղեցւոյ ձայնը՝ Քահանայապետին ձայնը յաճախ միակն է որ կը բարձրանայ անոնց պաշտպանութեան ի սպաս»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու առաքելական հոգաբարձու եւ առաջնորդ Գերապայծառ Յովսէփ Պէզեզեան, Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, մտահոգութիւն յայտնեց ի տես վերջին այս օրերուն Թուրքիոյ եւ Յունաստանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած անցուդարձներուն ու բախումներուն եւ գաղթականութեան հոսքի նոր երեւոյթին, որ հետեւանքն է  Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումին՝ չեղեալ նկատելու 18 մարտ 2016-ին Եւրոմիութեան հետ ստորագրուած պայմանագիրը, հայող գաղթականներուն, ու բանալու Թուրքիոյ  սահմանները, հազարաւոր գաղթականներ ուղարկելով Եւրոպա, ու այդ սահմաններէն մին Յունաստանն է, որ մի քանի օրերէ ի վեր ամրապնդած է սահմանի վրայ զինուորական հսկումը, կանխարգիլելու նպատակով գաղթականներու անօրէն մուտքը երկիր։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր Յունաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ կարեւոր վեհաժողով՝ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եւրոպայի Յանձնաժողովի, Խորհրդարանի եւ Եւրոխորհուրդի նախագահները, միասնաբար քննարկելու համար հարցին լուծման ուղիներ։

«Կը մաղթեմ որ Եւրոպան այս օրերուն յանգի կարեւոր որոշումներու ու դիմէ լուծումներու, որովհետեւ փախստականները տառապանքի մէջ ապրող  մարդիկ են, որոնք կարիքը ունին օգնութեան» հաստատած  է այս առընչութեամբ Գերապայծառ Պէզեզեան, բացատրելով նաեւ թէ Յոյները ընդհանրապէս հիւրընկալ ժողովուրդ են, սակայն վախ ունին որ գաղթականներու այնպիսի մեծ  ու անկանոն հոսք մը ժխտական հետեւանքներ ունենայ երկրի տնտեսական վիճակին վրայ, որ արդեն մեծ տագնապի մէջ է։

Գերապայծառ Պէզեզեան ապա նշած է թէ Եկեղեցին այս հանգրուանին, տեղական Քարիթասի հետ միասին, ամէն  ջանք կը դափէ օգնութիւն մատուցելու համար գաղթականներուն, թէեւ, յայտնած է Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը, իրենք եւս կը գտնուին մեծ դժուարութեան մէջ, որովհետեւ իրենց կարելիութիւններն ալ սահմանափակ են։

Գերապայծառ Պէզեզեան ակնարկելով հուսկ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ կիրակի օր՝ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին, փախստականներուն ի նպաստ  ուղղած  կոչին ու աղօթքներուն, դիտել տուած է թէ ինք յաճախ կը ջանայ իր խնամատարութեան յանձնուած գաղթականներուն փոխանցել Նորին Սրբութեան մօտիկութիւնը։

«Փախստականները յուսահատութեան մատնուած ու տառապող մարդիկ են ու կարօտը ունին զգալու թէ իրենց կողքին կան մարդիկ ու անհատներ, որոնք կ՛ուզեն իրենց թիկունք կանգնիլ։  Եկեղեցւոյ ձայնը՝ եւ այս պարագային Քահանայապետին ձայնը,  յաճախ միակն է որ  կը բարձրանայ անոնց պաշտպանութեան ի սպաս», հաստատած է գերապայծառ Պէզեզեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2020, 10:36