Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարք 

Մեծաշուք հանդիսութիւն նուիրուած Կոմիատսի ծննդեան 150 ամեակին։ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին պատգամը։

Երգահան էր Կոմիտաս, երաժշտագէտ, երաժիշտ- բանահաւաք, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ, ազգագրագէտ, Հայ Մշակոյթի յաւերժալոյս գործիչ, իսկ այդ բոլորով հանդերձ, եւ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ եւ վեր հոգեւորական էր Կոմիտաս, վարդապետ։

Բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Կիրակի, 8 Մարտ 2020-ի երեկոյեան,« Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ համազգային շուքով, բարձրորակ յայտագրով եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, տեղի ունեցաւ Կոմիտասեան Երեկոյ, նուիրուած անմահանուն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ մասնակցութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի ուսուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին։ Երեկոյին ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը։ Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան անդամ Լիզա Պասթաճեան։

Օրուան բանախօսն էր Զաքար Քէշիշեան։ Ան ըսաւ որ տասը միլիոն հայեր ազգային ինքնագիտակցութեան եւ հպարտութեան գերագոյն պահ մը կ’ապրին ամէն անգամ որ կը լսեն Կոմիտասի անունը։ Մանրամասնօրէն անդրադառնալով Կոմիտասի կեանքի հանգրուաններուն, բանախօսը ըսաւ որ Կոմիտասի կեանքը եղաւ ընդհատուած թռիչք մը եւ հակառակ կեանքի դժուարին պայմաններուն ան շարունակեց ստեղծագործել մինչեւ իր ողբերգական վախճանը։ Իր խօսքի աւարտին, Քէշիշեան հաւաստիացուց որ Կոմիտասի թռիչքը կը շարունակուի իր աշխատանքներուն եւ իւրաքանչիւր մշակումի ընդմէջէն, աւելցնելով որ  «Կոմիտասը կ’ապրի, եթէ մենք ապրինք Կոմիտասով»:

Երեկոն եզրափակուեցաւ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տիրոջ սրտի խօսքով։ Բարձր գնահատելէ ետք ձեռնարկը եւ զայն կազմակերպողները, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ.

«Կոմիտասի հարազատ երկրպագուներ,
Կոմիտասի յօրինումներն ու մշակումները ցոյց տուին որ ազգային խոր ակունքներէն բխող հոգեւոր եւ ժողովրդային երգը, մանաւանդ գաւառային ու գեղջկական երգն ու երաժշտութիւնը կ’արտայայտեն ժողովուրդին զգացումները, յոյզերն ու ապրումները, քրտնաթոռ աշխատանքը եւ ապա հանգիստը, աննկուն կամքը եւ անկաշկանդ կեանքի ձգտումը, սէրն ու կառչումը աստուածապարգեւ հողին, ջուրին ու բնութեան եւ վերջապէս հաւատքը Նախախնամութեան։ Հետեւաբար, հոգեւոր ու ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը պատմարժէք վկայութիւններ են։ Պատմութիւն։

Այս մեծաշուք հանդիսութիւնը արժեւորելու կոչուած բանախօսը՝ Զաքար Քէշիշեան վստահ էինք որ սքանչելիօրէն արժեւորումը կը կատարէ եւ կատարեց Կոմիտասի երաժշտագիտական հանճարին, որուն առջեւ խոնարհեցան եւ կը շարունակեն խոնարհիլ երաժշտական աշխարհի մեծագոյն հեղինակութիւնները, Տեպիւսիի եւ Սէն Սանսի նման անոր ժամանակակիցները եւ յաջորդները՝ ցայսօր։

Արդարեւ, Կոմիտասի հանճարեղ յօրինումները յուզեցին եւ կը շարունակեն յուզել ոչ միայն Հայ ժողովուրդը, այլ համայն երաժշտութեան աշխարհը , ամենազգի ունկնդիրներ։

Կոմիտաս եւ իր յօրինումները դարձան համամարդկային արժէք, Հայ Ազգին ներդրումը համամարդկային մշակոյթին. փառաւորեցին եւ հիացումի եւ աղօթքի արժանացուցին Հայ ժողովուրդին անունը, պիտի ըսէր մեծատաղանդ Յովհաննէս Շիրազը։ Իսկ աշխարհահռչակ Արամ Խաչատուրեան Կոմիտասը նկատած է «մեր երաժշտութեան հոգեւոր Հայրը»։

Կոմիտասը, անոր վարքն ու գործը ոգեշնչած են գրողներ եւ բանաստեղծներ, որոնցմէ անզուգական Պարոյր Սեւակը անոր նուիրած է իր ոգեշունչ «Անլռելի Զանգակատունը»։

Երգահան էր Կոմիտաս, երաժշտագէտ, երաժիշտ- բանահաւաք, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ, ազգագրագէտ, Հայ Մշակոյթի յաւերժալոյս գործիչ, իսկ այդ բոլորով հանդերձ, եւ նոյնիսկ անոնցմէ առաջ եւ վեր հոգեւորական էր Կոմիտաս, վարդապետ։ «Ես վարդապետ եմ, իմ տեղս եկեղեցին է» ըսած է ան ամէն անգամ որ զինք իր արմատներէն հեռացնող աշխատանքի հրաւէրներ ստացած է։ Այս ճշմարտութեան մէկ արտայայտութիւնն է անշուշտ անոր «Պատարագը», որ հայկական ծէսին փառաւորումն է։ Իր հոգեւոր երգերով, շարականներով Կոմիտաս Հայ Եկեղեցւոյ մշտահունչ զանգակատունն է։ Այդ զանգակատունէն հնչող կոմիտասեան երգերն ու շարականները նաե՛ւ հայ ժողովուրդին ուղղուած միասնութեան պատգամներ են։ Համախումբ ու միասնական ըլլալու հրաւէրներ։

Կոմիտաս Հայ ժողովուրդը միասիրտ ու միասնական դարձնելու աստուածապարգեւ շնորհը ունի։ Արդարեւ, Կոմիտասին կամ անոր հոգեւոր եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւններուն նուիրուած ձեռնարկները, անկախ իրենց մշակութային եւ երաժշտագիտական առանձնայատկութենէն, նաե՛ւ Ազգին միասնականութիւնը արտայայտելու առիթներ են։ Նայեցէք ձեր շուրջ եւ բոլոր այն սրահներուն մէջ ուր Կոմիտաս կը նշուի ու կը մեծարուի, հոն ներկայացուած են մեր ժողովուրդին բոլոր հոսանքներն ու շերտերը՝ կողք-կողքի, միասիրտ։

Թող այդ միասնականութեան կոմիտասեան ոգեշնչող ղօղանջը յաւերժ հնչէ Հայ Եկեղեցւոյ զանգակատունէն»։

Քաղուած «armeniancatholic.org» կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2020, 09:08