Սառոյցէն շուտ հալող նիւթը։ Սառոյցէն շուտ հալող նիւթը։ 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Սառոյցէն շուտ հալող նիւթը։

Սառոյցէն աւելի շուտ հալող նիւթ կայ սակայն: Դրամն է այդ, որուն հալելուն պատճառը ծուլութիւնն է: Ծոյլին աշխատելաոճն է այս, որուն այնպէս կը թուի, թէ իր հաւաքած ջուրերով պատրաստուած «սառոյց»ը դիմացկուն է ընդերկար ժամանակաւ:

Օր չկայ որ աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութիւնը տնտեսական հարցերու մասին չմտածէ: Մարդ կայ, որ ամէն վայրկեան իր հեռախօսի լուսապաստառին վրայ կը հետեւի սակարանային արժէքներու փոփոխութեան, երբեմն մէկ դրամանիշէն միւսը փոխանցումներ կատարելով, երբեմն ալ այս ընկերութեան հաշուոյն մէջ ունեցած բաժնետոմսերը ծախելով ու միւս ընկերութենէն աւելի արժէքաւորները գնելով:

Ունկնդրէ լուրը

Համայն աշխարհի, որեւէ մասնաւոր երկրի, կամ տուեալ անհատ մարդու տնտեսական խնդիրները առօրեայ մտահոգութիւններ ըլլալէ բացի, կ՛ունենան նաեւ իրենց տագնապի ժամանակաշրջանը, որ մինչեւ իսկ ճգնաժամի կը վերածուի երբեմն: Այնպէս ինչպէս անհատ մարդիկ իրենց տնտեսական անհեռատեսութեան կամ իրենց գործին առնչուած ձախորդութեան մը հետեւանքով կը սնանկանան, նոյնպէս ալ երկիրներու կառավարութիւններ իրենց վարած տնտեսական սխալ քաղաքականութեան եւ կամ ներքին փտածութեան պատճառաւ կ՛աղքատանան, դատարկած ըլլալով պետական գանձարկղը եւ իրենց ժողովուրդը մատնելով անպատմելի դժուարութիւններու՝ աղքատութեան, թշուառութեան, ապրուստ հայթայթելու ապօրինի միջոցներու եւ այլ ողբերգութեանց, որոնց ամէնէն յետին մանրամասնութիւնները շատերուս ծանօթ են արդէն:

Նոյի օրերուն, երբ Աստուծոյ անունով ազդարարեց բոլորին Աստուծոյ մարդը, ո՛չ ոք հրաժարեցաւ «կին առնելէ, մարդու տրուելէ», ինչպէս կը վկայէ Աստուածաշունչ մատեանը, մինչեւ այն օրը, երբ Նոյը մտաւ տապան, դռներն ու լուսամուտները փակեց եւ յորդառատ անձրեւ սկսաւ տեղալ, վերածուելով ջրհեղեղի: Աշխարհի մարդկութեան վճռագիրը տրուած էր: Ո՞ւր մնացին այդքան մարդոց առօրեայ մտահոգութիւնները, ամէնօրեայ աշխատանքները եւ ապագայի հեռանկարները, հարստութեան հանդէպ սէրը, աղքատութեան երկիւղը եւ բազմապիսի այլ մտահոգութիւնները:

Աշխարհի մէջ ամէնէն տոկուն երեւոյթները, ինչպէս՝ նկարագիր, կամք, դիմադրողականութիւն… կը համեմատուին բնութեան կարծր նիւթերու հետ, ինչպէս՝ ժայռ, կայծքար, երկաթ, պողպատ, սառոյց եւ նման պնդութեամբ նիւթեր: Սառոյցին ամրութիւնը պէտք չէ՛ զարմացնէ մեզի, որովհետեւ հիւսիսային բեւեռի մօտ երկիրներուն մէջ, ուր ամէն ինչ սառած վիճակի մէջ է, նոյնիսկ լիճերը ոտքով անցնելու ճանապարհներ կը դառնան, որոնց վրայէն ինքնաշարժներ եւ սառոյցը ծակող կամ կոտրող ծանր բեռնաբարձեր կ՝ընթանան:

Ապագայ կերտելու եւ կամ կեանքի անակնկալներուն նախապատրաստուելու համար, աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութեան կարծիքը այն է, որ պէտք է որոշ գումար ի պահ դրուի, շարժուն կամ անշարժ գոյքի ձեւի տակ եւ կամ ուղղակի ի պահ դրուած դրամանիշի պահեստով: Սակայն այս խոհական իմաստութեան չեն կրնար մարդիկ յաճախ սահման դնել, զայն վերածելով կեանքի «առաքելութեան»: Լսուած եւ կրկնուած խօսք է, որ դրամը կեանքի նպատակ չէ, այլ՝ որոշ ծրագիրներ իրագործելու միջոց պարզապէս: Այս խօսքը ինչքան շրջանառութեան դրուի, նոյնիսկ զայն բարձրաձայն յայտարարողներուն կողմէ, այնքան աւելի՛ իմաստազուրկ պիտի դառնայ, որովհետեւ այնպէս կը թուի թէ անիկա ականջ խուլցնելու յատկութիւն ունի միաժամանակ:

Պատահած է, որ իրենց ողջ կեանքի ընթացքին արիւն-քրտինք թափելով եւ ապագայ անորոշութենէն փրկուելու համար որոշ գումար խնայած մարդիկ երբ յանկարծամահ եղած են, ժառանգորդները այնքա՜ն հանգիստ խղճով վատնած են անոնց ունեցուածքը, նոյնիսկ այդ մարդոց կատարած իւրաքանչիւր տարուան խնայողութիւնը մէկ օրուան մէջ ծախսելով: Ասոնք ամէնօրեայ իրական դէպքեր են, կրնանք առատ օրինակներ հաւաքել նման դէպքերու:

Սառոյցը միւս կարծր նիւթերէն կը տարբերի շուտով հալելու իր տկարութեամբ. ան հակառակ իր պինդ կազմուածքին, արեւու շողերուն տակ նախ փայլուն տեսք կը ստանայ, ողորկ դէմքով կը ժպտայ կեանքին, սակայն շուտով «կ՛արտասուէ»՝ իր էութենէն թափուող արցունքներ հոսեցնելով, որոնք ի վերջոյ գետինէն շոգիանալով, ոչնչութեան կը վերածեն զինք:

Ծանօթ մարդիկ, որոնք հարազատի կապերով առնչութիւն ունին իրարու հետ, նիւթական կարիքին դիմաց իրարու դրամ փոխ տալէ ետք երբ կ՛որոշեն զայն ետ չվերցնել, դրամը ստացողին կ՛ըսեն. «սառոյցի վրայ արձանագրեցի այս պարտքդ», այսինքն՝ պարզապէս նուիրեց այդ գումարը իր հարազատին, բնաւ զայն ետ չառնելու պայմանով:

Սառոյցէն աւելի շուտ հալող նիւթ կայ սակայն: Դրամն է այդ, որուն հալելուն պատճառը ծուլութիւնն է: Ծոյլին աշխատելաոճն է այս, որուն այնպէս կը թուի, թէ իր հաւաքած ջուրերով պատրաստուած «սառոյց»ը դիմացկուն է ընդերկար ժամանակաւ: Դրամը եթէ առօրեայ ջանքով ու աշխատանքով չվաստակուի, սառոյցէն աւելի շուտ կը հալի: Զայն պահպանելու միակ ձեւը յարատեւ աշխատանքն է, ու մանաւանդ պէտք եղածէն աւելի զայն չհաւաքելու փորձութեան դիմադրելը:

 Գրիգոր Եպ. Չիֆթճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 15:20