Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։  

Ծիսական գիտելիքներ։ Քառասնորդաց Գ. Կիրակի, Անառակի կիրակի (8-15 Մարտ 2020 )։

Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Եթէ Աստուած դատապարտէր ամէն շեղում եւ որեւէ յոյս մը չթողուր մեղաւորին, պիտի ըլլար նման միւս ազգերուն պաշտած աստուածներուն, որոնք ծարաւի էին զոհերու եւ չէին յագենար երբեք։
Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդաց երրրորդ շաբաթը անառակ որդիի շաբաթն է. Յիսուսի ամէնէն գեղեցիկ առակներէն մին է այս, ուր կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութեան անհուն ուժգնութիւնը մեղաւոր մարդուս  նկատմամբ։ Նման մտահոգ հօր մը, որ չի հաներ իր սրտին մէջէն իր որդւոյն սէրը, նոյնիսկ երբ ան կը հեռանայ իրմէ եւ անառակութեամբ կը վատնէ իր հարստութեան կէսը, ան միշտ յոյս ունի անոր վերադարձին եւ կը սպասէ անձկագին  որ դառնայ իր կորսուած զաւակը։

Եթէ Աստուած դատապարտէր ամէն շեղում եւ որեւէ յոյս մը չթողուր մեղաւորին, պիտի ըլլար նման միւս ազգերուն պաշտած աստուածներուն, որոնք ծարաւի էին զոհերու եւ չէին յագենար երբեք, երբեմն նոյնիսկ մարդկային զոհեր պահանջելով։

Քրիստոնէութեան Աստուածը հայր է նախ քան արարիչ կամ դատաւոր ըլլալը։ Ան ոչ միայն կը ներէ զղջացող մեղաւորին, այլ նոյնիսկ շատ աւելի մեծ ուրախութիւն ու վարձատրութիւն կը շնորհէ անոր քան իր հետ մնացող արդար մարդոց։

Շաբաթ 14 Մարտին՝  տօնն է Յովհաննէս Երուսաղէմի հայրապետին, յաջորդը Կիւրեղին։ Ան նշանաւոր եղաւ իր սուրբ կեանքով եւ կրօնական գիտութեամբ։ Բարեկամ էր Յովհան Ոսկեբերանի, որուն հետ կը նամակցէր երբ այս վերջինը աքսորի մէջ էր։ Պայքար մղեց Պեղագեան հերձուածին հէմ. Մեռաւ խաղաղ մահով։

Ւնչպէս ըսած էինք , քանի որ սուրբի տօներ չկան քառասնորդաց շրջանին, կ՛ուզենք խօսիլ զանազան հին Եկեղեցիներու մասին, որոնք տուած են բազմաթիւ սուրբ հայրեր եւ նահատակներ, որոնք կը տօնուին ընդհանրապէս բոլոր եկեղեցիներէն։

Այսօր պիտի խօսինք ծաղկող քրիստոնէութեան համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունեցող եկեղեցւոյ մը մասին, որ է Անտիոքի Եկեղեցին։

Անտիոքի Եկեղեցին

Պետրոս առաքեալի կը վերագրուի Անտիոքի Եկեղեցւոյ հիմնարկութիւնը, բայց նաեւ Պօղոս առաքեալի, որ բազմիցս անցած է Անտիոքէն։ Այս քաղաքին մէջ է որ առաջին անգամուայ համար Յիսուսի հաւատացեալները կոչուած են քրիստոնեայ անունով, ինչ որ պատահած է Քրիստոսի յարութենէն մօտ 9 տարիներ ետք։ Առաջին պատրիարքական աթոռներէն մին եղած է Անտիոքը։

Անտիոքի նշանաւոր առաջին հայրապետներէն մին է Իգնատիոս, որ կը համարուի ըլլալ այն մանուկը զոր Յիսուս առաւ իր գիրկը եւ կանգնեցուց առաքեալներուն առջեւ ըսելով. Եթէ մէկը այս մանուկին նման չըլլայ, չի կրնար ժառանգել Աստուծոյ արքայութիւնը։ Անտիոքը նշանաւոր եղած է նաեւ իր աստուածաբանական դպրոցով, որ մրցակցութեան մէջ մտած է Աղեքսանդրիոյ դպրոցին հետ։ Այս դպրոցին յատկութիւնը եղած է շեշտը զոր դրած են իր Վարդապետները Քրիստոսի մարդեղութեան վրայ, որով Յիսուս երեւութապէս մարդ չէ եղած այլ իրապէս, ստանալով ոչ միայն մարդկային մարմին, այլեւ մարդկային հոգի եւ միտք։

Հայ Եկեղեցին` իր նախնական շրջանին, կրած է Անտիոքի դպրոցին ազդեցութիւնը. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը ստանայ Հայաստանի կաթողիկոսի տիտղոսը Կեսարիոյ մետրապոլիտէն, որ կախում ունէր Անտիոքի պատրիարքական աթոռէն։ Առաջին հայ վարդապետները Անտիոք մեկնած են իրենց աստուածաբանական ուսումները կատարելագործելու համար։ Նոյնպէս յետագային, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ կաթողիկոս իրենց ուսումը առած են Անտիոքի մէջ, ինչպէս նաեւ իրենցմէ վերջ` իրենց աշակերտները։

Կիրակի 15 Մարտը՝ Դ. կիրակին քառասնորդաց, ՜՜Տնտեսի՝՝ կիրակի է։  


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2020, 08:26