Խրիմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի Խրիմի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ. Պահքին Թափանցիկութիւնը:

Քրիստոնէական կրօնը, հիմնուած Յիսուսի ուսուցումներուն վրայ, պահեցողութիւնը ինքնահայեցողութեան, ներհայեցողութեան եւ ինքնաքննութեան հոմանիշ կը համարէ: Եթէ ըլլար հայելի մը, որուն դիմաց երբ կանգնէինք մեր արտաքին տեսքին նայելու համար, նաե՛ւ հնարաւորութիւն ունենար ցոյց տալ մեր հոգին, ատիկա պիտի սիրէինք կոչել պահքի կամ պահեցողութեան հայելի, ներհայեցողութեան հայելի…

Մեծ պահոց քառասնօրեայ շրջանը առօրեայ կեանքի համար առաջարկուած փոփոխութիւններէն մէկն է, որ հոգեւոր կեանքի մարզաձեւ մըն է խորքին մէջ, եւ որ արդէն քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւանդութեանց կարգը անցած է: Ամէն գործ ունի իր ձեւը, ժամանակը, նշանակութիւնը, ազդեցութիւնը եւ արդիւնքը: Պահեցողութիւնն ալ հոգեւոր «գործ» մըն է, որ դարձեալ ճիգ ու ջանք կը պահանջէ, մանաւանդ՝ աշխատութիւն: Այս բառը՝ աշխատութիւն, պահեցողութեան համար պէտք է առաւել շեշտուի, որովհետեւ ոմանց տեսակէտով պահեցողութիւնը «հանգիստի» ժամանակաշրջան է, որովհետեւ մարմինը յաւելեալ սնունդ չստանալու պատճառաւ կրնայ տկարանալ. ուստի պէտք չէ՛ զայն շատ ծանրաբեռնել…

Ժխտական մտածողութիւնը պահեցողութեան մասին, այսինքն պահեցողութիւնը «դադար առնելու» առիթ համարելը ու ծուլութեամբ յղփանալը, փաստօրէն պահեցողութիւնը կը դատարկէ իր իսկական իմաստէն ու մանաւանդ արժէքէն:

Քրիստոնէական կրօնը, հիմնուած Յիսուսի ուսուցումներուն վրայ, պահեցողութիւնը ինքնահայեցողութեան, ներհայեցողութեան եւ ինքնաքննութեան հոմանիշ կը համարէ: Եթէ ըլլար հայելի մը, որուն դիմաց երբ կանգնէինք մեր արտաքին տեսքին նայելու համար, նաե՛ւ հնարաւորութիւն ունենար ցոյց տալ մեր հոգին, ատիկա պիտի սիրէինք կոչել պահքի կամ պահեցողութեան հայելի, ներհայեցողութեան հայելի…

Անիկա ՝՝ներհայեցողութեան հայելին՝՝ կարելի է կերտել աղօթքով:

Պահեցողութեան հայելին է այդ, որուն դիմաց երբ կանգնինք, մեր միտքին, սիրտին ու հոգւոյն բոլոր ծալքերը յստակ կրնանք տեսնել, նոյնիսկ անոնց ամէնէն մութ անկիւնները: Այս հայելիին պարզութիւնն է որ պահեցողութիւնը կը դարձնէ «թափանցիկ»:

Պահք պահելով հանդերձ, աստուածավախ ու պատուիրանապահ քրիստոնեան պէտք է պահեցող չերեւի ուրիշներուն: Դէմք ու երեսներ լուացող ու օծանելիքն ալ դրած պահեցողին կատարած պահեցողութիւնը՝ թափանցիկ պահեցողութիւնն է, զոր կը նշմարէ ու կը գնահատէ միայն Աստուած: Պահեցողութեան թափանցիկութիւնը նաեւ փրկարար դերակատարութիւն ունի նոյնինքն պահեցողին համար:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ աղօթքը, ծոմապահութիւնը, պահեցողութիւնը բոլորն ալ գաղտնապահութեան եւ միայն Աստուծոյ դատողութեան յանձնելու գաղափարը կայ շեշտուած: Աղօթքի պարագային՝ սենեակ մտնել, դուռը փակել եւ Հօր Աստուծոյ հետ զրուցելու պատուէրը կու տայ Յիսուս: Ծոմապահութեան պարագային երեսները լուալու եւ արտաքնապէս մաքուր ու կոկիկ երեւելու խրատը կու տայ ան իր հետեւորդներուն, որպէսզի մարդոց սրտերը Քննողը ի՛նք կատարէ հատուցումը՝ ըստ արժանւոյն:

Մէկը իր ճամբորդական փորձառութիւնը պատմելով կ՛ըսէր, թէ ովկիանոս հատող օդանաւին մէջ, երկարատեւ ճամբորդութեան ընթացքին նկատած էր միաստուածեան կրօններու ներկայացուցիչներուն կատարած աղօթքը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը օդանաւի պաստառին վրայ երեւցող քարտէսին օգնութեամբ գտած էր իր սրբավայրին գտնուած ուղղութիւնը եւ այդ կողմ դառնալով սկսած էր երկրպագութիւններու աւանդական խոնարհումներուն: Իր կողքին նկատած էր քրիստոնեայ հոգեւորականը, որ օդանաւի թռիչքին պահուն բաւարարուած էր դէմքը խաչակնքելով եւ հաւանաբար միտքէն ճամբորդութեան յատուկ աղօթքը կատարելով: Սոյն կրօնաւորներուն կատարած աղօթքին եզրակացութիւնը կատարելով, իր փորձառութիւնը պատմող անձը ըսաւ. «Ես չլսեցի քրիստոնեայ հոգեւորականին կատարած աղօթքը, սակայն Աստուած վստահաբար լսեց այդ եւ գնահատեց»:

Թափանցիկ պահեցողութիւնը օրինակելի ըլլալէ բացի առիթ է մարդուն մէջ զարգացնելու խոնարհութեան առաքինութիւնը, որ մնայուն պայքարի մէջ է հպարտութեան այնքան տարածում գտած մոլութեան դէմ: Հպարտութիւնը առաջին խոչընդոտն է պահեցողութիւնը թափանցիկ կատարելու գործընթացին, որովհետեւ ի ցոյց մարդկանց կատարուած պահեցողութիւնը հպարտ մարդուն նախասիրութիւնն է, իսկ թափանցիկ պահեցողութիւնը՝ խոնարհ հոգի ունեցող իսկական հաւատացեալին նախընտրութիւնը:

Գրիգոր Եպ. Չիֆթճեան

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2020, 08:56