Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին կից : Սուրբ Պատարագ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին կից : 

Վատիկանի մէջ Սուրբ Պետրոսի շիրիմին մօտ Հայածէս Սուրբ Պատարագ:

Հայածէս Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհ Հայր Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս , երեքշաբթի  18 փետրուարի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս տաճարի  գետնադամբանի՝ Սուրբ Պետրոսին շիրիմին կից Հայածէս սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցեց, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան:

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, թէ պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան եպիսկոպոսները, որոնց կ՛ընկերանար Պոսթոնի Սուրբ Խաչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Միքայէլ Վարդապետ Պասալէ։ Սուրբ Պատարագին  իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Լեւոնեան քահանայապետական Վարժարանի սաները:

Սուրբ զոհի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան ի մէջ այլոց ըսաւ.  «Եկած ենք  առաքեալներու իշխանին՝ Սուրբ Պետրոսի  շիրիմին սեմին վերանորոգելու մեր հաւատքի դաւանանքը, որպէս յաջորդները առաքեալներուն եւ հովիւները մեզի յանձնուած թեմերուն եւ հօտին:

Ունինք անշուշտ մեր դժուարութիւնները՝ ըլլան անոնք հոգեւոր կամ նիւթական: Սուրբ Պետրոս լաւագոյն օրինակն է, որուն կրնանք հետեւիլ: Ինքն ալ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ ռազմահրաւէրներուն՝ ի գին արեան եւ կեանքին, չի վարանեցաւ վկայելու Խաչեալ բայց մանաւանդ Յարուցեալ Քրիստոսի մասին:

Վերանորոգենք ուրեմն մեր ուխտերը վստահելով Յարուցեալ Քրիստոսին, որովհետեւ Ինքն է նաւապետը եւ գլուխը եկեղեցւոյ: Մենք Տիրոջ այգիին մէջ պարզապէս ծառաներ ենք:

Մեզի յանձնուած հաւատացեալները առաջնորդենք, ինչպէս կ՝ըսէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մեր հայեացքը կեդրոնացնելով Յիսուս Քրիստոսին վրայ՝ միակ եւ Ճշմարիտ փրկիչը մարդկութեան:» ըսաւ  գերապայծառ  Մուրատեան որ ապա Սուրբ Զոհի աւարտին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսները հրաւիրեց անգլերէն լեզուով միասնաբար աղօթելու Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը:

Յայտնենք, թէ հինգշաբթի 20 փետրուարին, Միացեալ Նահանգներու  Արեւելեան եկեղեցիներու պատկան եպիսկոպոսները, հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում կ՛ունենան Սուրբ Պետրոսին յաջորդ՝  ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  հետ։ Հանդիպումին՝ ի պաշտօնէ կը մասնակցի  Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2020, 11:11