«Ապաշխարութեան եւ Հաշտութեան խորհուրդը»: «Ապաշխարութեան եւ Հաշտութեան խորհուրդը»: 

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան «Ապաշխարութեան եւ Հաշտութեան խորհուրդը»:

Խոստովանանքով Աստուած մեզի կը շնորհէ իր սէրը եւ ողորմութիւնը քահանային տուած ներումի աղօթքներով:

Մեր հոգեւոր կեանքին լաւագոյն առած գայլն է ապաշխարութիւնը, այս  բառը որ կը գտնենք բոլոր կրօնքներուն մէջ, բայց այս օրերուս կարծես թէ հեռացուած է մեր հասարակութիւններէն։

Ունկնդրէ լուրը

Աստուած մեզի շնորհեց ապաշխարութեան  խորհուրդը իրեն աւելի մօտենալու եւ մենք զմեզ նորոգելու մեղքի կեանքէնˋ ապաշխարութեան երթալու համար, մէկ խօսքով Աստուծոյ հետ հաշտութիւնն է որ իրականացաւ խաչին վրայ այսպէսով Քրիստոսի մահը յաղթանակն դարցաւ մեղքի վրայ։

Ապաշխարութեան  խորհուրդին լաւագոյն պատկերն է խոստովանանքը որուն ընթացքին հաւատացեալը պարտի զանազան պարտականութիւններ կատարել զղջումէն սկսեալ մինչեւ ընդունիլը մեղաւոր ըլլալու։ խոստովանանքով Աստուած մեզի կը շնորհէ իր սէրը եւ ողորմութիւնը քահանային տուած ներումի աղօթքներով․

Աստուծոյ սէրը մեզմէ կը պահանջէ հաշտուելու իրեն հետ եւ ուրիշներուն հետ։ Յիսուս մեզի կ՛ըսէ «ընդունեցէք սուրբ հոգին, անոնց որոնց  մեղքերը ներէք պիտի ներուին, իսկ անոնց որոնք մեղքերը կ՛ապէք պիտի կապուին»

Շատեր կը վախնան  խոստովանանքի սենեակէն եւ կամ խոստովանող վարդապետէն, անընդունելի կը սեպեն քահանային երթալու, այլ կը բաւէ Աստուծոյ հետ զրուցելու եւ ներկայացնելու իրեն այն մեղքերը եւ անձնական տկարութիւնները զորս կը գործեն իրեն եւ ուրիշներուն դէմ։

Ս․ Պօղոսը կ՛ըսէ «Ուրեմն մենք Քրիստոսի համար կը պատգամաւորուինք, քանի որ Աստուած մեր միջոցաւ կը խրատէ մարդիկը (2 կոր․ 5,20)»  ուրեմն չի բաւեր միայն մտքով եւ սրտով Աստուծմէ ներում խնդրել այլ պէտք ենք խոստովանիլ մեր մեղքերը քահանային որ իր կարգին մեզի մեղքերու ներումը կը շնորհէ Աստուծոյ անունով։

Այսօրուայ աշխարհացման մտայնութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը մեզ Աստուծմէ հեռացնելով կորսնցուց կեանիքն իմաստը «կապրի մեղքը զանազան երեսներով»։

Մարդիկ կորսնցուցին  Յիսուս մանուկին աստղին լոյսը որ զիրենք հոգեւոր կեանքին ապա արքայութեան կրնայ հասցնել։

Տուր մեզի ով Յիսուս  ապաշխարութեան եւ ներումի ոգին որ կարենամ քեզի հետ միշտ հոգեպէս ապրիլ։ Ամէն

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2020, 10:45