Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբ 

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբի տարեկան ժողովը։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբը, ստեղծուեցաւ 2003-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը գումարեց Լիբանանի մէջ 26 Յունուարէն մինչեւ մէկ փետրուար 2020։ Ժողովականներու շարքին էին Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան Հալէպի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ եւ Արհիապատիւ Լեւոն Եպիսկոպոս Զէքիեան Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդը։

Ունկնդրէ լուրը

Հերթական 17-րդ վերոնշեալ նիստի կեդրոնական նիւթը հանդիսացաւ խորհուրդներու աստուածաբանութեան նիւթը որ կեդրոնական նիւթ մըն է երկու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան ծիրէն ներս։

Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու անջատումի պատճառներէն մին արդարեւ ծնունդ առած Ե դարուն քաղկեդոնի ժողովի ընթացքին օգտագործուած եզրաբանութենէն ուր Յիսուս Քրիստոսը կ՛ընդունուի որպէս իսկական Աստուած, իսկական մարդ ու երկու բնութեամբ անձ։

Նշենք որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան սլացք տուաւ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետը որ 1971-ին հանդիպում ունեցաւ Անտիոքի Ասորի օրթոտոքս պատրիարք Իքնատիոս Եաքոպ Գ հետ ապա նոյն տարուայ ընթացքին Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարք Շենուտա Գ հետ կնքեց համաձայնագիր մը, ան ապա ընդունեց նաեւ Վազգէն Ա Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։ Մինչ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քրիտոսաբանութեան հայող համաձայնագիրեր ստորագրեց Գարեգին Ա Ամենայն հայոց կաթողիկոսի 1996-ին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Վեհափառի հեր 1997-ին

2003-ին ստեղծուեցաւ  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմեն կաթողիկէ Լատին եկեղեցին, հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցին,  Անտիոքի ասորի օրթոտոքս եկեղեցին ու հայ առաքելական՝ Էջմիածնի ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնները, ինչպէս նաեւ Եթովպիայի օրթոտոքս եկեղեցին ու Մալանքար Ասորի օրթոտոքս կեղեցին։

Քրիստոնեաներու միութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քիւրտ Քոխի նախագահութեամբ Լէբանանի մէջ կայացած 17-րդ հաւաքին հայող տեղեկագիրին մէջ կը նշուի որ «բոլոր եկեղեցական աւանդութիւնները կը հաստատեն որ եօթը խորհուրդները (Մկրտութիւն, Դրոշմ,  Հաղորդութիւն, Ապաշխարութիւն, Քահանայական ձեռնադրութիւն, Պսակ ու հիւանդայց օծումը) հիմնուած են Քրիստոսէն, հաստատուած առաքեալներու կողմէ, պահպանուած եւ փոխանցուած Սուր Հայրերէն ու հաւատարմօրէն մատակարարուած Եկեղեցիին կողմէ։ Այս եօթը խորհուրդներուն մէջ Սուրբ Հաղորդութիւնը նկատուած է Խորհուրդներուն Խորհուրդը»։

Յայտնենք թէ Լիբանան կեցութեան ընթացքին ժողովականներէն պատուիրակութիւն մը՝ Կարդինալ Քոխի նախագահութեամբ առիթը ունեցաւ հանդիպելու Լիբանանի նախագահ ին հետ։

Յանձնախումբի յառաջիկայ ժողովը նախատեսուած է 25 -29 Յունուար 2021-ին Հռոմի մէջ, որպէս կեդրոնական նիւթ ունենալով «Սուրբ Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ կեանքին եւ ուսուցումին մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2020, 12:08