Միջեկեղեցական միջազգային համագումար` Անթիլիասի մէջ։ Միջեկեղեցական միջազգային համագումար` Անթիլիասի մէջ։ 

Միջեկեղեցական միջազգային համագումար` Անթիլիասի մէջ։

«Միջեկեղեցական շարժումը կարիքը ունի նոր տեսլականի» ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 31 յունուար 2020-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջեկեղեցական համագումարին` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ 30 աստուածաբաններու ու միջեկեղեցական շարժումի փորձագէտներու:

Ունկնդրէ լուրը

Վեհափառ հայրապետը, բացումը կատարելով համագումարին, նշեց, որ «միջեկեղեցական շարժումը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց` աշխարհի մը մէջ, որ արմատական ու մնայուն փոփոխութեան մէջ է: Հետեւաբար, պահելով հանդերձ իր հիմնական ուղղութիւնը եւ նպատակը` անհրաժեշտ է, որ միջեկեղեցական շարժումը կարենայ քայլ պահել յարափոփոխ պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն հետ` առնչուած ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս եկեղեցիներու կեանքին եւ առաքելութեան»: Ապա վեհափառ հայրապետը ներկայացուց օրակարգի հարցերը, համագումարի աշխատանքներուն ընթացքն ու փուլերը եւ իր սպասումը համագումարէն:

Ընտրուեցան երկու համաատենապետներ եւ համագումարին յայտարարութիւնը խմբագրելու կոչուած յանձնախումբ մը: Համագումարին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ վեհափառ հայրապետը:

Շուրջ ժամ մը տեւած դասախօսութեան ընթացքին վեհափառը ընդհանուր գիծերով նախ պարզեց միջեկեղեցական շարժումին ներկայ կացութիւնը` դրական ու բացասական երեսներով, յառաջացած տագնապներով եւ երեւան եկող նոր երեւոյթներով: Վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութիւնը բաժնեց չորս մարզերու:

Առաջին բնագաւառին մէջ վեհափառը իր խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ առաքելութեան վրայ` շեշտելով, որ ան «անհրաժեշտ է, որ դուրս գայ ծէսի, դաւանանքի ու վարչակազմակերպչական կեանքի նեղ սահմաններէն ու դառնայ ժողովուրդի եկեղեցին: Երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառը անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժումը իր կառոյցներէն դուրս բերելու եւ դէպի ժողովուրդ ուղղելու հրամայականին: Երրորդ բաժինին մէջ խօսեցաւ միջեկեղեցական շարժումին երկու տարածքներուն մասին` շարժում եւ համախմբում: Իսկ վերջին բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը զանազան մօտեցումներով պարզեց համայնական նոր տեսլականի մը իր պատկերացումը:

Վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն ետք յաջորդող նիստերուն հակիրճ զեկուցումներ ներկայացուցին գլխաւոր եկեղեցիներու եւ շրջանային խորհուրդներու ներկայացուցիչները:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2020, 08:52