Առաջաւորաց 5-օրեայ Պահքը։ Առաջաւորաց 5-օրեայ Պահքը։ 

Առաջաւորաց 5-օրեայ Պահքը։

Առաջաւորացը առաջին պահքն է, որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, եւ այդ իսկ պատճառով ալ կը կոչուի առաջաւորաց` առաջին:

Այս օրերուն Հայաստանեաց Եկեղեցին կը յիշատակէ Առաջաւորաց պահքը։ Այս պահքը որ յատուկ է միայն Հայ եկեղեցիին, կը տեւէ հինգ օր:

Առաջաւորացը առաջին պահքն է, որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, եւ այդ իսկ պատճառով ալ կը կոչուի առաջաւորաց` առաջին:

Պատմութեան աւանդոյթին համաձայն՝ Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք՝ Ս.  Գրիգոր Լուսաւորիչ նախքան Տիրոջ հրաշքով դարձի եկած Տրդատ արքան, հայոց մեծամեծերն ու ողջ ժողովուրդը մկրտելը 65 օր շարունակ Քրիստոսի հաւատքը  քարոզեց եւ այդ օրերէն 5-ին ընթացքին պատուիրեց պահեցողութեամբ եւ ապաշխարութեամբ պատրաստուիլ մկրտութեան:

Ժամանակին պահք ըսելով կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն՝ ընդհանրապէս ոչինչ կ՝ուտէին. սակաւ ջուր կը գործածէին, կամ ալ կ՝ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն: Բայց յետագային բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագում ունեցող նաեւ այլ կերակուրներ ու մեղրը, եւ տարբերակին մէջ մտաւ պահքի ու ծոմի միջեւ` ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակ:

Առաջաւորաց պահքը կը նախորդէ յատկապէս Ս. Սարգիսի տօնին, սակայն տօնին հետ որեւէ առնչութիւն չունի:

Պահք պահելէ առաջ ցանկալի է եկեղեցի երթալ, մասնակցիլ երեկոյեան ժամերգութեան եւ աղօթել, որ Աստուած զօրացնէ՝ պահքը ճիշդ իրականացնելու եւ հոգեւոր օգուտներ քաղելու համար:

Պահքէն դուրս գալու համար կարեւոր է Ս. Սարգիսի տօնին մասնակցիլ Ս. Պատարագին եւ հաղորդութիւն սատանալ:

Իսկ ինչո՞ւ հինգ  օր պահք կը պահենք։

Մեր եկեղեցւոյ հայրերը ասոր կու տան քանի մը բացատրութիւն:

Ա) Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կարգադրութեամբ ողջ արքունիքը եւ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան եւ պահքի մէջ եղան 5 օր:

Բ) Քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի` տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք եւ շօշափելիք, որոնցմով կը մեղանչէ, ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի զղջայ ասոնցմով կատարած իր մեղքերուն համար, խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ ջանայ այլեւս չմեղանչել:

Գ) Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհն ու այնտեղ եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան մէջ։ Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը եւ, թէեւ մինչ այդ արդէն ստեղծած էր բոլոր տեսակի կենդանիները, տուած էր անոնց աճելու ու բազմանալու հրաման, սակայն ուտելու հրաման դեռ չէր տուած։ Այդ հրամանը մարդուն ու կենդանական աշխարհին տուաւ միայն վեցերորդ օրը, այսինքն` 5 օր ետք: Ուրեմն, աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ոչ ոք ոչինչ կ՝ուտէր։

Դ) Ըստ Եկեղեցւոյ` հնգօրեայ պահք սահմանած էին նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետները: Աւանդութիւնը կ՝ըսէ, թէ դրախտէն արտաքսուելէ ետք՝ Ադամը 5 օր անօթի մնաց: Աբրահամը, Յակոբը եւ Յովսէփն ալ հնգօրեայ պահք պահած են: Եւ ըստ մեր Եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեան` Առաջաւորաց պահքի` նաեւ նահապետներէն սահմանուած ըլլալն է պատճառը, որ այս պահքի առաջին չորս օրերուն րնթացքին՝ Աստուածաշնչէն հատուածներ` ընթերցուածներ, չեն կարդար եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ այս պահքը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ չէին գրուած ո՛չ Հին Կտակարանի, ո՛չ ալ առաւել եւս Նոր Կտակարանի գիրքերը:

Առաջաւորաց պահքի վերջին` Ուրբաթ օրը, Յովնան մարգարէի (ն. Ք. 8-րդ դար) յիշատակի օրն է, եւ եկեղեցւոյ մէջ կ՝ընթերցուի անոր գիրքը, ուր նոյնպէս կը խօսուի պահքի ու ապաշխարութեան մասին. «Թագաւորի ու անոր մեծամեծներուն կողմէ Նինուէի մէջ յայտարարուեցաւ ու ազդարարուեցաւ, թէ մարդ եւ անասուն, հոտ եւ արջառ թող ոչինչ ուտեն, կամ ճարակեն եւ ջուր խմեն: Եւ մարդ ու անասուն քուրձ հագան, ի սրտէ աղօթեցին Աստուծոյ, բոլորը ետ կանգնեցան իրենց չար ճանապարհներէն եւ անօրէնութիւններէն, որ իրենց ձեռքով կը կատարուէր…» (Հովն. 3:7-8):

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 09:46