Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու յանձնախումբի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու յանձնախումբի անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Իրան – Միացեալ Նահանգներ լարուածութիւն։ Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն խաղաղութեան կոչը։

Եւրոպայի Եկեղեցին կը միանայ խաղաղութեան ի նպաստ Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, զոր ուղղեց Վատիկանի մէջ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումի ընթացքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եւրոպայի եպիսկոպոսները մտահոգութեամբ կը հետեւին Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ստեղծուած տագնապի զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Իրաքի մէջ բռնութեան արարքներու աճումին ու Լիպիայի մէջ շարունակուող պատերազմին, խաղաղութեան եւ երկխօսութեան կոչ ուղղելով այդ ուղղութեամբ։ Ասոր մասին արտայայտուեցաւ Կիպրոսի Մարոնիներու  եպիսկոպոսը ու Եւրոպայի  եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնաժողովի պատուիրակ՝ գերապայծառ Եուսէֆ Սուէյֆը շեշտը դնելով երկխօսութեան ուժին վրայ, որպէս գործիք՝ ի նպաստ մարդկութեան փրկութեան,  յատկապէս այս նուրբ ժամանակաշրջանին «երբ կը գտնուինք համաշխարհային երրորդ պատերազմի սպառնալիքին դիմաց» ըսաւ Ան։

Ունկնդրէ լուրը

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին Գերապայծառ Սուէյֆը հաստատեց թէ Եւրոպայի Եկեղեցին կը միանայ խաղաղութեան ի նպաստ Ֆրանչիսկոս Պապի կոչին, զոր ուղղեց Վատիկանի մէջ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումի ընթացքին։

«Մարդ անհատին շահերը ըլլալու են առաջնահերթ, ապա թէ ոչ աշխարհը պիտի գտնուի համաշխարհային երրորդ պատերազմի դիմաց» ըսաւ Գերապայծառ Սուէյֆը, այս ուղղութեամբ առաջարկելով իմաստութեան եւ  տրամաբանութեան կեցուածք մը եւ ակնարկելով Իրաքի տագնապալից իրավիճակին ան նշեց թէ Իրաքցիները տասնեակ տարիներէ ի վեր կը տառապին պատերազմէ ու անոնք այսօր կը մերժեն պատերազմը ու կը ձգտին միայն խաղաղ համակեցութեան։  Անդրադառնալով հուսկ Լիբանանի կացութեան ու երեք ամիսներէ ի վեր տիրող ըմբոստութեան շարժումին Մարոնի եպիսկոպոսը այդ մէկը որակեց «ցաւի ճիչ մը՝ մարդոց որոնք կ՛ուզեն ապրիլ խաղաղութեամբ ու անդորրութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2020, 11:52