Մեսրոպեանի մէջ նշուեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբաթը: Մեսրոպեանի մէջ նշուեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբաթը: 

Մեսրոպեանի մէջ նշուեցաւ եկեղեցիներու միութեան շաբաթը:

Հաւաքին խօսք առին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Հայր Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեան, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Ռաֆֆի Մըսըրլեան եւ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան

Յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ նշուեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Շաբաթը, որ կ՛երկարի 18-էն 25 Յունուարի միջեւ:

Ունկնդրէ լուրը

22 Յունուարին, Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչի գրասենեակին կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի աշակերտները ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ երեք յարանուանութիւններու ամփոփ պատմութեան եւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին:

Հաւաքին խօսք առին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Հայր Անանիա ծայրագոյն վարդապետ Գուճանեան, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Ռաֆֆի Մըսըրլեան եւ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան:  Հաւաքը վարեց Մեսորպեանի հոգեւոր տեսուչ Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան:

Տէրունական աղօթքէն եւ Մեսրոպեանի կրօնի ուսուցչուհի տիկին Սալբի Քէշիշեանի բացման խօսքէն ետք, հայ հոգեւորականները աշակերտներուն բացատրեցին, որ Եկեղեցին մէկ է՝ տարբեր յարանուանութիւններով հանդերձ: Շեշտուեցաւ այն միտքը, որ եկեղեցւոյ մէջ էականը հաւատքն է, սէրը, աղօթքը, Աստուածաշունչը եւ ծառայութիւնը, որմով բոլոր քրիստոնեաները կը միանան: Անոնք դիտել տուին, որ դաւանաբանական տարբերութիւնները բնաւ չեն կրնար հաւատացեալները տարանջատել իրարմէ, քանի որ բոլորին Հայրը նոյնն է, եւ Անոր են, որ կ՛ուղղուին բոլորին աղօթքները, խնդրանքներն ու փառաբանութիւնը: Ապա Մեսրոպեանի աշակերտներ ընթերցեցին հայ դպրոցին, քահանաներուն եւ եկեղեցիներուն համար դիտաւորութիւններ:

Տէր Ռաֆֆի քահանայ Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան եւ հաւաքին մասնակից կողմերուն, մաղթելով, որ Մեսրոպեանի աշակերտները միշտ ապրին ու մտածեն միութենական ոգիով:

Հաւաքը փակուեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան համար կատարուած բարեմաղթական աղօթքով:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2020, 13:29