Արցախի հայկական եկեղեցի Արցախի հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Մեր «Բեռնակիրները»։ Գտնուած են բարեխիղճ մարդիկ, որոնք իրենց բեռները կրող անձերուն տանջանքը տեսնելով, կրկնապատիկ վճարած են անոնց:

Առաջին իսկ հայեացքով, այս բառը շատերուն նողկանք կը պատճառէ իբրեւ գործ, թէպէտ աշխատանքի խոնարհ տեսակներուն մաս կը կազմէ ան եւ իբրեւ այդպիսին, պէտք է յարգել նաեւ այս համեստ գործը: Տան փոխադրութեան կամ նոր կահ-կարասիներուն գնման պարագային, ատոնց ծանրագոյնները բեռնակիրներուն «բաժին կ՛իյնան», որոնք իրենց յատուկ ձեւերով զանոնք իրենց ուսերուն առնելով կը կրեն մինչեւ շէնքերու բարձրագոյն յարկերը, երբեմն փոխան նիւթական չնչին հատուցման:

Ունկնդրէ լուրը

Հին օրերուն աշխարհի բոլոր մասերուն, իսկ նոր ժամանակներուն երրորդ աշխարհեան երկիրներուն մէջ, խաղտաբղէտ պազարներու անկիւններուն կամ մօտակայ հրապարակներուն վրայ կանգնած մարդիկ կ՛երեւին, իրենց ուսին ուրարի նման հաստ եւ խտահիւս գօտիներ նետած, որոնք ուշադիր կը նային իրենց շուրջը, ծանր առարկայ կամ շուկայէն գնուած ապրանքներով լեցուն ծանր պայուսակներ ունեցող մարդիկը որսալու համար: Բեռնակիրներ են անոնք: Անոնց հուժկու մարմինը եւ հրաշալի լայն թիկունքը տեսնելով հիացող քաղաքացիներ լաւ գիտեն, որ ասոնք աղքատ մարդիկ են, որոնք իրենց ունեցած միակ դրամագլուխը՝ իրենց ֆիզիքական ուժը կ՛օգտագործեն, պարզապէս օրապահիկ շահելու համար եւ երբեմն ալ ամբողջ օրը անգործ մնալով, օրուան հացին կարօտ՝ տուն կը վերադառնան ձեռնունայն:

Թշուառներու այս փաղանգին գործը գնահատողները անոնք են, որոնց գործը այդ օր իր աւարտին կը հասնի բեռնակիրներուն միջոցաւ: Ծանր առարկան տեղափոխելու անկարելիութեան առջեւ գտնուող մարդը տեսնելով բեռնակիրին ուժը, քաջալերական արտայայտութիւններով կ՛ոգեւորէ զայն, սակայն գործի աւարտէն ետք անոր սահմանուած գումարը միայն կը յանձնէ, առանց մտածելու, թէ ինք բնա՛ւ պիտի չկարենար այդ ծանրութիւնը տեղէն շարժել… Միւս կողմէ, սահմանափակ այդ գումարը վճարողը կը մտածէ՞ արդեօք իր առարկաները տեղափոխած բեռնակիրին առողջութեան քայքայման մասին: Պիտի տագնապի՞, եթէ նոյնիսկ իմանայ թէ իր բեռները կրած անձը աղեթափութիւն ունեցած է եւ կամ վնասած իր ողնայարը: Դեռ եթէ՜ իմանայ…

Ահա թէ ինչո՛ւ թշուառներ կոչեցինք այս խումբի մարդիկը, որոնց միջոցաւ թէպէտ դժուարին գործեր կը յաջողցուին բարձր խաւին կողմէ, սակայն անոնք միշտ ալ ենթակայ են կորսնցնելու իրենց ֆիզիքական առողջութիւնը, ի խնդիր պատառ մը հացի:

Գտնուած են բարեխիղճ մարդիկ, որոնք իրենց բեռները կրող անձերուն տանջանքը տեսնելով, կրկնապատիկ վճարած են անոնց:

Արեւմտեան եկեղեցւոյ սրբազգեաց անձերէն՝ Ս. Օգոստինոս, կարիքաւորներու հանդէպ իւրայատուկ իր մօտեցումով եւ աղքատախնամութեան բացառիկ պատուէրներով, բարեպաշտ մարդիկը կը յորդորէ բարեգործութիւն կատարելու, հաստատելով առաքելական այն համոզումը, ըստ որուն՝ հաւատքը առանց գործերու՝ մեռեալ տարր է (Հմմտ Յկ 2.17): Օգոստինոս Տիրաւանդ պատուէրին՝ երկրի վրայ գանձ դիզելու փոխարէն երկինքի մէջ զանոնք ամբարելու (Հմմտ. Ղկ 12.33), կու տայ գործնական մեկնաբանութիւն մը:  Քու կատարած բարեգործութիւնդ, նոյնիսկ լռելեայն կատարած բարիքդ կարօտեալին, երկինքի մէջ առաքինութիւններուդ վարձքը ամփոփող գանձարկղին մէջ պիտի տեղադրուի: Սակայն զայն փոխադրող «բեռնակիրներու» պէտք ունիս. Անոնք մեր խնամքին ենթակայ եւ մեր օժանդակութիւնը ստացող աղքատներն են, անոնք են որ մեր կատարած բարեգործութեան դիմաց մեր ստացած բարոյական վարձատրութիւնը երկինք պիտի փոխադրեն…

Երկրորդ տարբերութիւնը առաջինին եւ երկրորդին միջեւ այն է, որ մինչ առաջինները տնքալով, երբեմն ծանրութիւնը չափէն աւելի ըլլալուն՝ դժգոհելո՛վ կը կրեն մեր բեռները, երկրորդները՝ սիրայօժար կը տանին զանոնք ու կը յանձնեն երկնաւոր Գանձապետին:

Երանելի՜ ես եթէ ունիս նման «բեռնակիր»ներ շուրջդ: Բարի նախանձով պիտի նայիմ քեզի, որովհետեւ չեմ կրնար նիւթական վարձատրութեամբ անոնցմէ ամէնէն յետինն իսկ:

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2020, 08:44