Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը  այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին: 

Լիբանանի մէջ Պապական Նուիրակը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Հանդիպումը առիթ եղաւ կարծիքներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ:

Չորեքշաբթի, 15 յունուար 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ժոզեֆ եպիսկոպոս Սփիթերի:

Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին փոխանցել Ֆրանչիսկոս պապին ողջոյնները եւ Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները պարունակող նամակը: Վեհափառ հայրապետը իր կարգին պապական նուիրակէն խնդրեց իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցել սրբազան քահանայապետին եւ յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական կապերը գործակցական նոյն ոգիով կը շարունակուին յատկապէս միջեկեղեցական մարզին մէջ:

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ կարծիքներ փոխանակելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2020, 08:37