Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ հաւաք Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ հաւաք 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհդածութիւնը

Եւ մեզի վկայեցին սովորական մարդկութիւն:

Տարիներէ ի վեր համայն եկեղեցին միասնաբար կ'աղօթէ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար (18-25 Յունուար):

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս իր կեանքին վերջին օրերուն հաւաքեց իր ընտանիքը որ այսօր կը կոչուի «Եկեղեցի»: Այս Եկեղեցւոյ թեւերուն տակ կը հաւաքուին այն բոլոր անձերը որոնք կը հաւատան Քրիստոսի անձին, կեանքի ընթացքին գործած հրաշքներուն եւ տուած ուսուցումներուն, այսինքն մեզի ձգած Աւե-տարանին եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն:

Եկեղեցին հաստատեց Սուրբ Պատարագը եւ աղօթքի զանազան կերպեր հաւատացեալները քով քովի հաւաքելու միասին ըլլալու իրենց աղօթքներով եւ մանաւանդ եղբայրական մթնոլորտին մէջ մնալով:

Յիսուս այսօր ինծի կը սորվեցնէ թէ ընդունելով եւ գործադրելով իր կամքը կրնամ դառնալ անդամ մը իր ընտանիքին, կրնամ դառնալ իր մայրը կամ եղբայրը:

Բոլորիս երազն է որ միասին մտնենք այս սուրբ ընտանիքին մէջ, Ադամ եւ Եւայէն ի վեր որոնք կը փափաքէին ըլլալ Աստուծոյ նման... շատ դիւրին է ինծի անդամակցելու այս ընտանիքին, կը բաւէ միայն որ գործադրութեան մէջ դնեմ Աստուծոյ կամքը որ է միասին ըլլանք, միասին մտածենք եւ միասին աղօթենք:

Երբ խորանանք այս խորհուրդին մէջ, երեւան կու գայ թէ Քրիստոսի ընտանիքը Սուրբ Երրորդութիւնն է,  այն 3 անձերը որոնք սիրոյ մէջ կը գտնուին: Հոն ալ Քրիստոսը որ զիս կը հրաւիրէ մտնելու այդ սիրոյն մէջ, ինծի ուղղելով հետեւեալ խօսքը. «Եթէ մէկը զիս կը սիրէ պարտի իմ խօսքերս պահել» իր խօսքնէ որ մէկ ըլլանք իրեն շուրջ: Ամէն

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2020, 09:04