Գարեգին Բ  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հայաստանի վարչապետը Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Հայաստանի վարչապետը 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր պատգամին մէջ յիշեց Միջին Արեւելքի մէջ դժուարութիւններ դիմագրաւող քոյրերն ու եղբայրները:

Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է՝ արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճանապարհ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը անզուգական սիրոյ, անսահման մարդասիրութեան վկայութիւն է:

 Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է՝ արժեւորելու մարդկային կեանքը, նոր սկիզբի նախաձեռնելու, նոր ճանապարհ բանալու դէպի աստուածաճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն, որովհետեւ Քրիստոսի Ծնունդը անզուգական սիրոյ, անսահման մարդասիրութեան վկայութիւն է: «Քրիստոսով հալչում են մեղքերը, փարատւում են յուսահատութիւնները, վախը դառնում է քաջալերութիւն, թշնամանքը՝ եղբայրասիրութիւն, բանսարկութիւնն ու զրպարտութիւնը՝ ուղղամտութիւն ու ճշմարտախօսութիւն, եւ դժուարութիւնների ու վշտերի մէջ ծագում է Սուրբ Ծննդեան լոյսը՝ բերելով նոր աշխարհի, նոր կեանքի յոյսն ու տեսլականը», ըսաւ կաթողիկոսը:

Ունկնդրէ լուրը

Գարեգին կաթողիկոսը նաեւ անդրադարձաւ մերօրեայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն՝ դիտել տալով. «Մենք ամուր պիտի մնանք ի Քրիստոս մեր հաւատքի մէջ, վերարժեւորելով մեր անցեալը, ընտրելով նորոգութիւնն ու որդեգրութիւնը: Մենք՝ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, Քրիստոսի Ծննդեան շնորհառատ այս օրը վերստին ամրապնդւում ենք հաստատակամութեամբ, որ առաւել վճռական պիտի լինենք քրիստոնէական մեր ինքնութեան վկայութեան մէջ, ազգային մեր կեանքը կառուցենք սիրոյ, համերաշխութեան հիմերի վրայ, միաբանուած լինենք մեր հոգեւոր արժէքներով, մեր հաւատքով, մեր սրբազան հայրենիքի, մեր Սուրբ եկեղեցու շուրջ: Քրիստոս Իր Սուրբ Ծնունդով ուղենշեց միմեանց ու Աստծոյ հետ միաւորուած մնալու մեր ճանապարհը: Ընթանանք այդ ճանապարհով՝ նորոգ բարեզարդելով մեր կեանքը, կեանքը մեր հայրենիքի ու մեր ժողովրդի»:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը նաեւ յիշեց Միջին Արեւելքի ժողովուրդը. «Հայցենք միասնաբար, որ նորոգութեան երկնային պարգեւները բարեփոխեն աշխարհը համայն, բարօրութեամբ շէնանայ ժողովուրդների ու պետութիւնների կեանքը, եւ Աստծոյ Սուրբ Աջի պահպանութիւնը միշտ հովանի լինի մեր հայրենիքին, հայրենեաց մեր հերոս պաշտպաններին, Մերձաւոր Արեւելքում եւ այլուր դժուարութիւնների դիմագրաւող մեր քոյրերին ու եղբայրներին, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովրդին», եզրափակեց կաթողիկոսը։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2020, 08:00