Ծնունդ է ամէն անգամ… Ծնունդ է ամէն անգամ… 

Ծնունդ է ամէն անգամ…Մայր Թերեզային խոկումներէն

Ծնունդ է ամէն անգամ երբ յոյսի շող մը կը նուիրես ֆիզիկական ու հոգեւոր աղքատութեան մէջ գտնուող յուսահատուածներուն։

Ծնունդ է ամէն անգամ,

երբ կը ժպտաս  քու եղբօրդ և ձեռք կ՛երկարես անոր։

Ծնունդ է ամէն անգամ,

երբ կը լռես մտիկ ընելու համար ուրիշին։

Ծնունդ է ամէն անգամ  

երբ կը  հրաժարիս այն սկզբունքներէն որոնք լուսանցքային կը դարձնեն հարստահարուածները։

Ծնունդ է ամէն անգամ

երբ յոյսի շող մը կը նուիրես ֆիզիկական ու հոգեւոր աղքատութեան մէջ գտնուող յուսահատուածներուն։  

Ծնունդ է ամէն անգամ

երբ խոնարհութեամբ կ՛ընդունիս  թէ որքան չնչին են քու կարողութիւններդ,

և որքան մեծ է քու տկարութիւնդ։

Ծնունդ է ամէն անգամ  

երբ թոյլ կու տաս, որ Աստուած սիրէ ուրիշները քու միջոցաւդ…

երբ թոյլ կու տաս որ Տէրը վերածնի` զայն նուիրելու համար ուրիշներուն։

Կալկաթայի Մայր Թերեզա

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2019, 10:20