Քահանայական ձեռնադրութիւն Քահանայական ձեռնադրութիւն  

Քահանայական ձեռնադրութիւն Վարդան Սրկ. Ճալլուֆի եւ Պետրոս Սրկ. Հատտատ Մարաշլեանի

Աարարողութիւնը նախագահեց Ամեն.եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Հայրապետը։

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2019-ի, երեկոյեան ժամը 5 ին, Սուրբ Եղիա-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ` Վարդան Սրկ. Ճալլուֆի եւ Պետրոս Սրկ. Հատտատ Մարաշլեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը:
Ձեռամբ` Ամեն.եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Հայրապետի:
Հոգեպարար արարողութենէն ետք նորօծ վարդապետները, Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբանութեան Պէյրութի թեմի Պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր` Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեանը եւ նորօծեալներու ծնողները ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորանքները, որմէ ետք Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ` սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան:

Քաղուած Զմմառու Վանքի դիմատետրէն

Քահանայական ձեռնադրութիւն
Քահանայական ձեռնադրութիւն

 

Քահանայական ձեռնադրութիւն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2019, 09:54