Քաղդէացիներու եկեղեցիներէն ներս, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշեր պիտի չմատուցուի Սուրբ Պատարագ:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պաղտատի մէջ տեղի ունեցող անկարգութիւններու , ցոյցերու եւ անապահով քաղաքական վիճակին պատճառով Քաղդէացիներու բոլոր եկեղեցիներէն ներս, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշեր պիտի չմատուցուի Սուրբ Պատարագ:
Մինչ այլ կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ սովորական կերպով պիտի պիտի նշուին Յիսուսի Սուրբ ծննդեան գիշերային ծիսկաան արարողութիւնները: Այս մասին հաղորդած է Քաղդէացիներու պատրիարք կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքօ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին: Պատրիարքը դատապարտած է Իրաքի մէջ ներկայ կացութիւնը իր աջակցութիւն յայտնելով, ազատութեան , արժանավայել կեանք ապրելու համար հրապարակ իջած ցուցարարներուն:
«Շատեր մեզի խորհուրդ տալով խնդրեցին, որ ջնջենք Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշերուան Սուրբ Պատարագը: Արդարեւ հաւատացեալներուն անվտանգութեան համար եւ յարձակումներուն թիրախ չդառնալու համար որոշեցինք Սուրբ Պատարագ չմատուցել Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան գիշերային գիշերը: Մինչ սովորական կերպով պիտի նշուին այլ կաթողիկէ հասարակութիւններուն մէջ:
Պատրիարք Սաքօ նշած է, որ Իրաքի մէջ ամենուրէք կը տիրէ անկայուն եւ անապոհով վիճակ: Ժողովուրդը ցոյցեր կը կատարեն պահանջելով ազատութիւն եւ աշխատանք: Ներկայի քաղաքական իշխանութիւնները աշխատանք կը տանին միայն իրենց շահերուն համար եւ ոչ մէկ բան մը կատարեն ժողովուրդի պահանջներուն ընդառաջելու համար: Չենք գիտեր ինչպէս կը ծախսուին հանրութեան դրամը: Երկրին մէջ պակասը կայ ելեկտրականութեան եւ խմելիք ջուրին: Դպրոցներու, հիւանդանոցներուն մէջ կացութիւնը շատ վատ է : Ցուցարարներուն միակ պահանջն է փտածութենէ եւ կաշառակերութենէն հեռու պետութիւն մը:
Պատրիարք Սաքօ Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է նաեւ, որ Քաղդէացիները Սուրբ Ծնունդի գիշեր պիտի անցնեն աղօթելով խաղաղութեան եւ երկրին կայունութեան համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ