Մսուրէ առնուած լուսանկար Մսուրէ առնուած լուսանկար 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Նուէր Ունի՞ս Յիսուս Մանուկին Տալու:

Մանկացեալ Աստուծոյ աննախադէպ ծնունդը համայն աշխարհի քրիստոնէութեան ուշադրութիւնը դարձեալ կը կեդրոնացնէ Աւետարաններու մէջ պատմուած պարզունակ այն դրուագին վրայ, ուր կը նկարագրուի Ծնունդը մարդկութեան Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի, տեսնելու համար թէ ի՞նչ կարելի է քաղել անկէ, այսօրուան մեր կեանքին իբրեւ ուղղութիւն:

Ինչքան ալ փորձենք մեկնաբանել Յիսուսի ծննդեան դրուագը, դարձեալ չենք կրնար անդրանցնիլ այն պարզունակութիւնը, որ արտայայտուած է Աւետարաններու բնագիրներուն մէջ: Այնքան պարզ, որ տակաւին փոքր դասարաններու երեխայ մը կրնայ հաճոյքով կարդալ ու հասկնալ զայն:

Այդ օրերուն Հռոմի Օգոստոս կայսրը, խորհրդակցաբար Ասորիքի՝ Սուրիոյ կուսակալին՝ Կիւրենիոսի, եւ անոր սահմաններուն մէջ գտնուող Պաղեստինի կուսակալ Հերովդէս թագաւորին, մարդահամար մը կատարել կու տայ, կարգաւորելու համար իր կայսրութեան հպատակներու տուրքի արձանագրութիւնները: Կ’որոշուի, որ ամէն մարդ իր ծննդավայրը պիտի երթայ իր անունը արձանագրել տալու համար: Յովսէփ իր հետ առնելով Մարիամը, կ’երթայ Բեթղեհէմ. պանդոկներուն մէջ տեղ չկար եւ ասոր համար անոնք՝ հազիւ կրցան անշուք ախոռի մը մէկ անկիւնը գիշերել, եւ ուր ծնաւ Յիսուս, եւ դրուեցաւ կենդանիներու մսուրին մէջ, ուրկէ յարդ կ’ուտէին անոնք:

Քանի մը տեսակի դերակատար անձնաւորութիւններ կան Յիսուսի ծննդեան դրուագին մէջ, որոնց նկարագիրն ու կատարած գործը մեր ուշադրութեան առարկան դարձնելով, կրնանք ըմբռնել այն մեծ զոհողութիւնը, զոր Աստուած յանձն առաւ, մեղաւոր մարդը իրեն հետ հաշտեցնելու համար:

Ո՛չ Օգոստոս կայսրը, ո՛չ ալ կուսակալ Կիւրենիոս իմացան Յիսուսի ծնունդը, սակայն կար երրորդ թագաւոր մը՝ Հերովդէսը, որ կայսրութեան սահմանին մէջ գտնուող Պաղեստինին կ’իշխէր. երբ ան, իր մօտ այցելող երեք մոգերէն իմացաւ, թէ արքայազուն մը ծնած է, վախցաւ, որ իր թագաւորութիւնը պիտի յափշտակէ ան, երբ մեծնայ, կարելի բոլոր միջոցներուն դիմեց իր վախը փարատելու համար, նոյնիսկ չխնայելով Բեթղեհէմի երկու տարեկանէն վար բոլոր մանուկներուն, զորս սպաննել տուաւ՝ երբ չկրցաւ յայտնաբերել նորածին արքան:

Յիսուսի ծննդեան դրուագով միայն յիշուող այս խեղճ անձնաւորութեան՝ Հերովդէսի նկարագրով մարդոց կը հանդիպինք գրեթէ ամէն օր, տարբեր անուններով, տարբեր հանգամանքներով ու տարբեր վայրերու մէջ: Անոնք կը կարծեն յաջողած ըլլալ, նման Հերովդէսին, որ իր աչքերը փակեց այն համոզումով, թէ սպաննած էր այդ անսովոր թագաւորազունը…:

Յիսուսի ծննդեան դրուագը միանգամընդմիշտ կու գայ ըսելու բոլորիս, որ ամէն մէկը իր տեղը ունի այս աշխարհի մէջ, եւ ի՛նչ ալ փորձես ընել կեանքի ու պատմութեան ընթացքը փոխելու համար՝ պիտի չյաջողիս Աստուծոյ ծրագիրը շեղել, կամ ձեռք երկարել Աստուծոյ ընտրեալին:

Ս. Ծննդեան դրուագին մէջ յիշուող խումբ մը անձեր կան՝ հովիւները, որոնք առաջին ականատեսները կը դառնան այս պատմակերտ ու անկիւնադարձային անձին՝ նորածին Թագաւորի աշխարհ գալուն: Խոնարհ պայմաններու մէջ ծնած նորածինը առաջին անգամ տեսնողները պիտի ըլլային մարդկային ընկերութեան ամէնէն խոնարհ խաւին պատկանող մարդիկ:

Ճիշդ է, յաջորդող դարերուն բազմաթի՜ւ ուրիշներ պիտի գային Փրկիչը տեսնելու, որոնց շարքին կայսրեր ու կայսրուհիներ, թագաւորներ ու թագուհիներ, իշխաններ ու իշխանուհիներ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու քաղաքական մեծամեծ գործիչներ, սակայն բոլորն ալ Նորածինին պատկերին առջեւ պիտի խոնարհէին, սակայն այդ պարզ մարդիկը երջանկութիւնը ունեցան նորածին Փրկիչը իրենց հողեղէն աչքերով տեսնելու…:

Իր Միածնին Ս. Ծնունդը առաջին անգամ հովիւներուն աւետելով, Աստուած կը յայտարարէ, թէ ինք կը գնահատէ խոնարհները, հեզերն ու աներկբայ հաւատք ունեցող մարդիկը:

Ս. Ծննդեան դրուագին մէջ յիշուող միւս խումբ մը անձերը՝ երեք մոգերն են, որոնց ինքնութիւնը եւ նուիրաբերումը մեծ նշանակութիւն ունի մեր քրիստոնէական կեանքը ուղիղ եւ Աստուածահաճոյ ապրելու եւ աւարտելու իմաստով:

Այդ մոգերուն ընծայաբերած նուէրները եւս ունին իրենց կարեւոր իմաստը եւ քրիստոնէական մեր կեանքը ճշգրիտ հունի մէջ դնելու առումով մեծ նշանակութիւն ունին: Աւետարանը կ’ըսէ, թէ նորածին արքային առջեւ խոնարհելէ եւ երկրպագելէ վերջ, մոգերը բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զմուռս:

Ճիշդ է, որ անոնք թանկագին նուէրներ էին, սակայն անոնց արժէքը անոնց խորհրդանշական իմաստին մէջ է եւ ոչ թէ նիւթին:

Ի՞նչ պիտի ընէիր եթէ այսօր Յիսուս ըսէր քեզի, թէ քու տունդ պիտի այցելէ: Երբ հոգեւորական մը, կամ նոյնիսկ շատ յարգած մէկ բարեկամդ լուր տայ քեզի, թէ տունդ պիտի այցելէ, ինչպէ՛ս կը տագնապիս, կը հաւաքես ու կը շտկես աջ ու ձախ լքուած իրերը, կը յարդարես ամէն կողմ, որպէսզի լաւ տպաւորութիւն թողուս անոր վրայ: Ո՞ւր պիտի բնակի Յիսուս, երբ ապականած է մարմինդ բազմապիսի մոլութիւններով, որոնք կը փճացնեն քեզ: Մինչդեռ երբ զմռսես մարմինդ Աստուծոյ շնորհքին անապականութեամբ, ան կը վերածուի իսկական Տաճարի Սուրբ Հոգւոյ եւ զոր ընծայ կրնաս տալ Յիսուսին, որպէսզի գայ ու բնակի անոր մէջ:

Թող Աստուած մոգերուն բերած այս երեք ընծաները դնէ մեր ձեռքերուն մէջ, որպէսզի այս գիտակցութեամբ նուիրենք զանոնք Յիսուս մանուկին, հրեշտակներուն հետ երգելով միշտ եւ ըսելով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն ի մարդիկ հաճութիւն»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2019, 08:42