Հայ Քոյրերու Վարժարանի Lets Be Active ծրագիրը Հայ Քոյրերու Վարժարանի Lets Be Active ծրագիրը 

Հայ Քոյրերու Վարժարանի Lets Be Active ծրագիրը

Lets be active-ը առողջ ապրելակերպի դաստիարակութեան ծրագիր մըն է:

ՄՈՆԹՐՈԶ.- 2011էն ի վեր Հայ Քոյրերու վարժարանը որդեգրած է Lets be active դրամահաւաքի ծրագիրը, որ կ՛իրագործուի միշտ Նոյեմբերի առաջին շաբաթը: Այս տարուան ծրագիրին հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուի վարժարանիս ելեկտրոնային սարքաւորումներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Lets be active-ը առողջ ապրելակերպի դաստիարակութեան ծրագիր մըն է:

Այս տարուան ծրագիրին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ մեծ շուքով: Հակառակ իրենց բազմազբաղ ըլլաուն, ծրագիրին ժամանակ տրամադրեցին եւ իրենց ներկայութեամբ մեզի պատուեցին՝ Կլենտեյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան, Լա Քրեսենթա քաղաքի խորհրդական Հերի Լիոն եւ Լա Քրեսենթա հովիտի «Ուիքլի» թերթի խմբագիր Մերի Օ՛Քիֆ:

Նախ Արա Նաճարեան եւ ապա՝ Հերի Լիոն իրենց սրտագին ողջոյնները յղեցին Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան եւ քաջալերեցին օրուան ծրագիրը:

Ապա վարժարանիս սաները, հագած վարժարանի 35ամեակին յատուկ դեղին շապիկները՝ ուսուցիչներու եւ ծնողներու հետ սկսան քայլարշաւը Մոնթրոզի թաղերուն մէջ:

Ապա ծրագիրը շարունակուեցաւ դպրոցի սրահին մէջ, նախկին սաներու՝ Ալիսիա Խրիմեան Գաբրիելեանի եւ Ճոյսի Խրիմեանի սնունդի դասընթացքով: Անոնք աշակերտներուն սորվեցուցին սնունդի պիտակները կարդալ եւ հասկնալ, թէ որքան առողջարար է անիկա եւ ծրագիրը վերջացուցին yoga-ի մարզանքով:

Աւարտին, դպրոցի նախաձեռնութեամբ, վարժարանիս սաները, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները մէկ սեղանի շուրջ ճաշեցին:

 

(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2019, 08:46