Փանիկի մէջ բարեգործական տօնավաճառ Փանիկի մէջ բարեգործական տօնավաճառ 

Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի տօներուն առթիւ բարեգործական տօնավաճառ Փանիկի մէջ։

Նպատակը անշուշտ միայն հասոյթն ու գումարը չէ այլ Փանիկ գիւղին մէջ զօրակցական հոգին ամրապնդելն է եւ տօնական օրերուն ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը միասին կիսելն է։

Փանիկի Հայ  Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին ժողովրդապետութեան առաջարկով, յառաջիկայ կիրակի  մէկ դեկտեմբեր 2019-ին Փանիկ գիւղի կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի աւարտին՝ Փանիկի լսարանի շէնքին մէջ նախատեսուած  է տարեկան բարեգործական տօնավաճառի բացումը։ Տօնավաճառը  բաց կը մնայ մինչեւ 12 Յունուար  2020։

Ունկնդրէ լուրը

Աւանդական սոյն տօնավաճառի հասոյթը ՝ Փանիկ գիւղի երիտասարդներուն ու տիկնաց միութեան նախաձեռնութեամբ պիտի տրամադրուի Փանիկ գիւղի անապահով ընտանիքներուն։

«Նպատակը անշուշտ միայն հասոյթն ու գումարը չէ այլ Փանիկ գիւղին մէջ զօրակցական հոգին ամրապնդելն է եւ տօնական օրերուն ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը միասին կիսելն է» ըսած է այս առթիւ Փանիկ գիւղի Սուրբ Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ  Եեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյարգելի Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 13:12