Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Քաղդէացիներու պատրիարքը կոչ ըրաւ ընդառաջելու Իրաքցի ժողովուրդին պահանջներուն:

Եկեղեցին զօրակից է իր ժողովուրդին, կը զգայ անոնց ցաւն ու նեցուկ կը կանգնի անոնց աւելի լաւ ապագայ կերտելու ձգտումներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քաղդէացիներուն Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Սաքօ, յղում կատարելով Ասիա Նիուզին, կոչ ըրած է Իրաքի քաղաքական պատասխանատուներուն, ունկնդրելու եւ ընդառաջելու ժողովուրդին պահանջներուն, նշելով որ Իրաքի ժողովուրդը դժգոհ է եւ թշուառ կացութեան մէջ կ՝ապրի՝ կաշառակերութեամբ եւ փտածութեամբ յատկանշուած կացութիւն:  

Ունկնդրէ լուրը

Քաղդէացիներու պատրիարքը  նշած է, որ ինք մօտէն կը հետեւի Իրաքի մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակին,  իր մտավախութիւնը յայտնելով այն գծով, որ յառաջիկայ օրերուն կրնայ կացութիւնը վատթարանալ :

«Իրաքի մէջ  ծայր առած ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր մեր եկեղեցիները կ՝աղօթեն երկրի վերականգման եւ կայունութեան համար :Նշած է Պատրիարքը,  ու աւելցուցած , յառաջիկայ 25 հոկտեմբերին ինք մօտէն պիտի հետեւի բողոք ցոյցերուն:  

Կոչին մէջ Քաղդէացիներուն Պատրիարքը նշած է նաեւ որ 2003 թուականէն ասդին, առաջին անգամուան համար  ցուցարարները իրենց պահանջները ներկայացուցած են խաղաղ ձեւով եւ հեռու մնալով քաղաքական շահերէն: Ցուցարարները շրջանցելով համայնքային պատնէշները  շեշտած են Իրաքեան հասարակաց ինքնութիւնը:

Այս իսկ պատճառաւ եկեղեցին զօրակից է Իր ժողովուրդին, կը զգայ անոնց ցաւն ու նեցուկ կը կանգնի անոնց աւելի լաւ ապագայ կերտելու ձգտումներուն:   

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ ապա նկատել կու տայ, որ եկեղեցւոյ հրաւէրն է  զարգացնել խաղաղ եւ բարեկիրթ ցոյցեր որ գիտեն յարգել հասարակաց բարիքը,  եւ հեռու  կը մնան ոտնձգութեան բոլոր  ձեւերէն:  Ան միաժամանակ հրաւէր ուղղած է   իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն, որ իրենք եւս իրենց կարգին  յարգեն ցոյց կատարելու ժողովուրդի իրաւունքները:

Կոչի աւարտին Քաղդէացիներուն պատրիարքը նշած է, որ սա է պահը,  պատասխանատու հոգիով դիմագրաւելու կուտակուած հարցերը: .Պէտք է լուրջ երկխօսութեամբ որոնել պատրաստուած լուրջ անձեր՝ որոնք  ճանչցուած  են իրենց պարկեշտութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ ու  անոնց  յանձնել Իրաքի գործերուն մատակարարումի պարտականութիւնը:  ըսած  է Քաղդէացիներուն պատրիարքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2019, 10:24