Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Այս Երկուքը՝ միայն ըստ պահանջքի:

 Օրէնքի մարդիկ որոնք երկար տարիներ երկնած են մինչեւ տիրանան համապատասխան համալսարանական վկայականին, կը թելադրեն կամաւոր չներկայանալ այն պարագաներուն, երբ պահանջք չի՛ դրուիր մեր դիմաց: Անոնք կը յորդորեն միայն տրուած հարցումին պատասխանել, երբ օրինական խնդիրներու դիմաց կանգնելու պարտաւորութեան դիմաց գտնուինք:

Միայն հարցումին պատասխանելուն մէջ ինքնին փրկութիւն կայ: Ինչո՞ւ մտնել այնպիսի տարածքներ, որոնք մեր կարողութեան ու գիտութեան սահմանէն դուրս են:

Վսհատաբար հանդիպած էք մարդոց, որոնք իրենց չիմացած նիւթին միջամուխ կ՛ըլլան եւ հեղինակաւոր կարծիքներ ալ կը յայտնեն: Օրինակ, ճարտարապետութենէն բնաւ գաղափար չունեցող մը յանկարծ լայն բացատրութիւններ կու տայ շէնք բարձրացնելու հաշիւները վերլուծելով, եւ սխալ գումարումներու ծիծաղելի հաշուարկներ պարզելով ունկնդիրներուն դիմաց: Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք ստիպողաբար կարելի չէ՛ ընդունիլ տալ ուրիշներուն: Մարդիկ ընդհանրապէս կը խորշին երբ ուրիշներ պարտադրեն իրենց ընել ա՛յն գործերը, որոնք իրենց կամքէն անկախաբար պիտի կատարեն: Մանուկը երբ դոյզն գիտակցութեան գայ, կը սկսի նախընտրութիւններ եւ նախասիրութիւններ ունենալ եւ անոր ծնողքն անգամ երբեմն դժուարաւ կը ստիպէ երեխային հնազանդիլ իրեն: Ի՞նչ է այս երեւոյթը, եթէ ոչ՝ պարտադրանքին դիմաց բնական ընդվզում, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան զգացում, որ տուեալ հաւաքականութեան կամ ազգի պարագային կը նուիրականանայ հայրենիքի անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան սրբազան գաղափարներով:

Ամէնէն սովորական երեւոյթներէն մէկը որ չենք կրնար պարտադրել ուրիշին, աղի գործածութիւնն է ճաշին մէջ: Ներկայ սննդականոնային զարգացած դարաշրջանին, ամէնէն յառաջադէմ ճաշարաններուն կամ պանդոկներուն մէջ աղի գործածութիւնը ազատ կը թողուի որեւէ անհատի համար: Մասնագէտ խոհարարներ ինչքան ալ կարեւորութիւն տան համեմունքին, դարձեալ աղի պարագան մարդոց ճաշակին կը թողուն, նկատի ունենալով մարդ անհատին առողջութեան մէջ մեծ դեր ունեցող աղի քանակի խնդիրը: Ուրեմն աղը մե՛նք պէտք է մատակարարենք մեզի համար, համաձայն մեր ճաշակին եւ առողջութեան: Քաղաքակիրթ որեւէ մարդ չի՛ պարտադրեր մեզի աղին գործածութիւնը իր ճաշակով:

Աղի գործածութեան նման, կայ այլ կարեւոր երեւոյթ մը եւս, որ դարձեալ ըստ պահանջքի պէտք է մատուցենք մեզմէ խնդրողին, որ է՝ խրատը: Տեսած էք վստահաբար, որ չպահանջուած խրատը ինչքան կը վրդովեցնէ որեւէ տարիքի կամ որեւէ հանգամանքի տէր եղող մարդը: «Ո՞վ ըսաւ որ խրատես զիս», «Քեզի ո՞վ ըսաւ խրատ կարդաս գլխուս», «Խրատներդ քեզի՛ պահէ» եւ նման բազմաթիւ անարգական արտայայտութիւններ կը կատարեն անակնկալօրէն խրատուող մարդոցմէ շատեր: Միւս կողմէ խրատողները իրենք, իբրեւ ինքնամխիթարութիւն, կը վերյիշեն ծանօթ առածը որ կ՛ըսէ. «Սեւը սապօնն ի՞նչ անի, խեւը խրատն ի՛նչ անի»: Խրատողները կը մոռնան անշուշտ այն կարեւոր մէկ կէտը, թէ որոշ երեւոյթներ կարելի չէ՛ պարտադրել, ինչպէս աղին գործածութիւնը:

Աղն ու խրատը գործածութեան նոյնութիւն մը ունին, որ կը հիմնաւորուի մարդկային ազատ կամքին վրայ: Եթէ մէկը քու փորձառութեանը կարիք ունի, կը նշանակէ որ պատրաստ է լսել խրատներդ: Այդ պատրաստակամութեան պատասխանը պիտի ըլլան այդ խրատները, եւ ոչ թէ քու կողմէդ պարտադրուած քարոզներ:

Յիսուս պատուիրեց իր աշակերտներուն, ըսելով որ խոզերուն առջեւ չնետեն իրենց մարգարիտները, որովհետեւ անոնք չեն գիտեր անոնց արժէքը եւ զանոնք կոխկռտելէ բացի, կը դառնան ու դեռ վնաս ալ կը հասցնեն անոնց տէրերուն:

Խրատը աղի նման չափաւոր գործածուելու է:

Որոշ ծնողներ երբեմն այնքան բծախնդրութիւն ցոյց կու տան իրենց զաւակներուն նկատմամբ, այնքան մօտէն կը հետեւին անոնց իւրաքանչիւր քայլին, որ երեխան հոգեկան ճնշուածութեամբ կը մեծնայ եւ տարօրինակ բնաւորութիւն կը դրսեւորէ, չսիրուելով մինչեւ իսկ իր ամէնէն մտերիմ ընկերներէն: Աղն ու խրատը ըստ պահանջքի օգտագործուող երեւոյթներ են: Մենք ինչքան ալ սիրենք աղը, դարձեալ մեր կերակուրին մէջ չափաւոր քանակ կ՛աւելցնենք անկէ: Նոյնպէս ալ ինչքան սիրենք մեր զաւակները, հարազատներն ու բարեկամները, փափաքելով անոնց օգնել եւ երբեմն փրկել փորձութիւններէ, դարձեալ խրատին չափը պէտք չէ՛ անցընենք, որովհետեւ պահանջքի դիմաց տրուած խրատը աւելի տեղին, ու մանաւանդ արդիւնաւէտ է:

Ո՛չ աւելի աղ առաջարկէ մէկուն, ո՛չ ալ խրատ, որպէսզի չատեն քեզ: Սակայն երբ պահանջեն՝ մի՛ մերժեր, եւ պիտի սիրեն քեզ…:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2019, 09:40