Հայր Լուիճի Սթուրցօ Հայր Լուիճի Սթուրցօ 

Հայր Լուիճի Սթուրցոյի մահուան 60 ամեակը։

8 օգոստոս 2019-ին կը լրանայ Իտալիոյ «Քրիստոնէական ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր Հայր Լուիճի Սթուրցոյի մահուան 60 ամեակը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

1959-ի օգոստոս 8-ին, Հռոմի «Քանոսիաններու» միաբանութեան վանքին մէջ, Աստուծոյ ծառայ Հայր Լուիճի Սթուրցոն 88 տարեկանին կը կնքեր իր մահկանացուն։

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Լուիճի Սթուրցոն եղած է Իտալիոյ համաժողովրդական «Քրիստոնէական  ժողովրդավարութիւն»  կուսակցութեան հիմնադիրը, որ Բ աշխարհամարտէն ետք իր մէջ համախմբեց Իտալիոյ կաթողիկէները։

«Աստուծոյ ծառայ Հայր Լուիճի Սթուրցոյի (1871 – 1959) ուսուցումն ու վկայութիւնը կը յիշեցնեն անհատի առաջնութիւնը ընկերութեան վրայ, ընկերութեան առաջնութիւնը Պետութեան վրայ ու բարոյականութեան առաջնութիւնը քաղաքականութեան վրայ»։ Այսպէս արտայայտուած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Իտալիոյ հարաւային շրջանի Քաթանիա նահանգի Քալթաճիրոնէ քաղաքին մէջ Հայր Լուիճի Սթուրցոյի «Բոլոր ազատ ու քաջ մարդոց» ուղղած կոչին հարիւր ամեակին առթիւ կազմակերպուած գիտաժողովի մասնակիցներուն, անցեալ 14 Յունիսին ուղղած պատգամի մը մէջ։

Հայր Լուիճի Սթուրցոյի քաղաքականութեան մէջ յանձնառումը իտալացի բազմաթիւ աշխարհականներուն թոյլ տուաւ յաղթահարել «բարոյականութիւն – քաղաքականութիւն» երկընտրանքը ու Աւետարանը չի սահմանել լոկ անձնական ոլորտին - աւելցուցած էր այդ առթիւ Քահանայապետը մէջբերելով Հայր Սթուրոցյի խօսքերը  «Լաւ քաղաքականութիւն մը կախեալ է «մտադրութեան վաւերականութենէն, առաջադրութիւններու բարութենէն ու ի գործ դրուած ազնիւ միջոցներէն՝ նպատակներուն հասնելու համար»։

Ւսկ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը  Հայր Սթուրցոն կ՛որակէ որպէս «Եկեղեցւոյ հնազանդ վարդապետ, Աստուծոյ մարդ որ վեհանձնութեամբ պայքարեցաւ պաշտպանելու եւ մարմնացնելու աւետարանական ուսուցումները, ըլլայ իր Սիկիլիայի հողին վրայ, ըլլայ Անգլիայի ու Միացեալ Նահանգներու աքսորավայրերուն մէջ եւ ըլլայ իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ Հռոմի մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2019, 09:51