Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան ընտրուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ի ֆէյսպուքեան էջը:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ Յուլիս 4-ին տեղի ունեցած է պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւն: Երկու թեկնածուներն էին Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: «Ակօս»-ի հրապարակած տեղեկատւութեան համաձայն` Մաշալեան ստացած է 13, իսկ Աթէշեան` 11 ձայն:
2019-ի Մարտ 8-ին պատրիարք Մութաֆեանի մահէն ետք սկսած է գործընթաց, որ պէտք է աւարտի նոր պատրիարքի ընտրութիւններով: Յունիս 18-ին Կ.Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովի որոշումով պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններու օր նշանակուած էր Յունիս 27-ը: Սակայն, Պոլսոյ նահանգապետարանէն ուղարկուած գրութեան համաձայն ընտրութիւնները յետաձգուեցան մինչեւ Յուլիս 4:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ