Ֆիլիփինցի երիտասարդներ Ֆիլիփինցի երիտասարդներ 

Մանիլայի մէջ «Նոր Աւետարանութեան» նուիրուած հաւաք։

«Երիտասարդ Ֆիլիփինցիներ որոնք կը քալեն Յիսուսին հետ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

19 -21 Յուլիս 2019-ին, Ֆիլիփինեան կղզիներու Մանիլա քաղաքի Սուրբ Թովմաս համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ Նոր Աւետարանութեան նուիրուած 6-րդ համաժողովը, որուն կեդրոնական նիւթն է «Երիտասարդ Ֆիլիփինցիներ որոնք կը քալեն Յիսուսին հետ»։

Ունկնդրէ լուրը

 

Ձեռնարկը կազմակերպուած է տեղական եկեղեցւոյ կողմէ յայտարարուած «Երիտասարդներու տարւոյն» ծիրէն ներս, որպէս նախապատրաստութիւն 2021ին նշուելիք Երկրին Քրիստոնէացման 500րդ տարեդարձին առթիւ։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի երիտասարդութեան տարւոյն բնաբանն է «Երիտասարդ Ֆիլիփինցիներ առաքելութեան մէջ՝ սիրուած, օժտուած, լիազօրուած»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2019, 07:53