Բեթղեհէմի  Յիսուսի ծննդեան եկեղեցւոյ զանգագատունը Բեթղեհէմի Յիսուսի ծննդեան եկեղեցւոյ զանգագատունը 

Բեթղեհէմի մէջ Յիսուսի ծննդավայրը կը ջնջուի համամարդկային վտանգուած ժառանգութիւններու ցանկէն

Վտանգուած ժառանգութիւններու ցանկէն ջնջուած են Ծննդեան Եկեղեցին եւ Ուխտագնացութեան Պողոտան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, յուլիս 2ին, Բեթղեհէմի Յիսուսի ծննդավայրը, որ 2012 թուականին հռչակուած էր իբր համամարդկային ժառանգութիւն, ջնջուած է ՈԻՆԵՍՔՈյի վտանգուած վայրերու ցանկէն։ Սա հաստատած է յունիսի 30ին, Պաքուի մէջ գումարուած Համամարդկային Ժառանգութեան Յանձնաժողովի 43րդ համագումարը, որ կը շարունակուի մինչեւ յուլիսի 10ը։

Վտանգուած ժառանգութիւններու ցանկէն ջնջուած են Ծննդեան Եկեղեցին եւ Ուխտագնացութեան Պողոտան։ Որոշումը, ինչպէս կը բացատրէ այսօր հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, կատարուած է եկեղեցւոյ տանիքի, ճակատի, խճանկարներու եւ դարպասի նորոգութեան բարձրորակ աշխատանքներու աւարտին։ Նախապէս եկեղեցւոյ շէնքը վնասուածքներ կրած էր ներս թափանցած ջուրի պատճառով։ Հաղորդագրութիւնը նաեւ դրուատիքով կը խօսի Մսուրի Հրապարակի ներքեւ գտնուող փապուղիի բացումին մասին։
Երուսաղէմէն 10 քմ հարաւ գտնուող սրբավայրը երկրորդ դարէն սկսեալ նկատուած է իբր Յիսուսի ծննդավայր։ 339 թուականին Կոստանդիանոս կայսր սկսած է եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքը, որ 6րդ դարուն վերականգնուած է Յուստինիանոս կայսեր կողմէ՝ հրդեհի մը զոհ դառնալէ ետք։ Նախնական կառոյցի վկաներն են սալայատակի խճանկարները։ 7րդ դարուն տաճարը կը գոյատեւէ պարսիկներու յարձակումը։ Ծննդեան եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն հայոց, լատիններու, յոյն ուղղափառներու եւ փրանկիսկեան միաբանութեան վանքերը եւ եկեղեցիները։

Համամարդկային վտանգուած ժառանգութեան ցանկի նպատակն է միջազգային հասարակութեան զգայնութիւնը արթնացնել ճգնաժամային պայմաններու նկատմամբ, որոնք պատճառուած են զինեալ հակամարտութիւններու, բնական աղէտներու, անծրագիր քաղաքաշինութեան, գաղտորսութեան եւ ապականումի՝ այն վայրերու մէջ, որոնք ՈԻՆԵՍՔՈյի կողմէ նկատուած են իբր համամարդկային ժառանգութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2019, 11:43