Աղօթք խաղաղութեան համար Աղօթք խաղաղութեան համար 

Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միասնական աղօթք ի նպաստ խաղաղութեան։

Անցեալ 17 Յունիսին խումբ մը քաղդէացի քրիստոնեայ ուխտաւորներ, հրաւիրած են իսլամ հաւատացեալները միասին աղօթելու ու հայցելու խաղաղութեան պարգեւը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Աղօթքներ, քրիստոնէական շարականներ ու Քորանի հատուածներէ ընթերցումներ արձագանգեցին Իրաքի «Ալ Աքիզէր» եկեղեցւոյ  աւերակներու ներքոյ, որ կը գտնուի Շիիթ Իսլամներու սուրբ քաղաք՝ Քարպալա շրջանին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ 17 Յունիսին խումբ մը քաղդէացի քրիստոնեայ ուխտաւորներ, որոնք այցելած էին 5-րդ դարու վերոնշեալ Եկեղեցին, որ համարուած է միջին արեւելքի  քրիստոնէական ամենահնագոյն վայրերէն մին, հրաւիրած են իսլամ հաւատացեալները միասին աղօթելու ու հայցելու խաղաղութեան պարգեւը եւ պատերազմներու դադրեցումը։

Քարպալան ամէն տարի Շիիթ իսլամներու համար կը դառնայ միլիոնաւոր մահմետականներու ուխտագնացութեան վայր ուր  կը յիշատակուի Մոհամմատի թոռնիկ  Հիւսէյն Ըպն Ալիի՝ սպանութեան յիշատակը, որ պատահած է 680 թուականին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2019, 10:23