Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարքը նախագահեց հայրերու տօնին նուիրուած Ս. Պատարագին

Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանցի հայրերը` իրենց տօնին առիթով:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի շրջափակին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որ նուիրուած էր Հայրերու տօնին:

Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց լիբանանցի հայրերը` իրենց տօնին առիթով:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան նշանակումները կատարելու ըստ ատակութեան:

Ան խստիւ դատապարտեց լիբանանեան պետութեան կողմէ ընկերային հաստատութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերուած բացթողումը, որ պատմական ու խղճի բացթողում եւ խախտում կը նկատուի:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2019, 09:00