Վանի եկեղեցին Վանի եկեղեցին  

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ինքնապարտադրումի Տգէտ Կերպը:

Բարեկամ մը, որ դժբախտութիւնը ունէր առօրեայ դրութեամբ տգէտ մարդոց հանդիպելու, օր մը համարձակեցաւ այս աշխարհը կոչել «փոքրիկ խենթանոց»: Ան մեր ուշադրութեան յանձնեց իր հանդիպած մարդոց կարգ մը յատկանիշերը, որոնք խելքի տկարութեան հետեւանքով ի յայտ կու գային: Նախ, կարեւորութեամբ յայտնեց ան, որ ուղեղի անհաւասարակշռութեան առաջին նշան կարելի է նկատել, իր գիտցածը բացարձակ ճշմարտութիւն համարելը: Իսկապէս ալ, իրենց գիտցածին վրայ պնդելու ունակութիւն ունեցողներուն աչքերուն մէջ կարելի է կարդալ մտային անհաւասարակշռութեան նշաններ:

Երկրորդ նշանը, զոր ան նկատած էր իր ամէնօրեայ «բարեկամ»ներուն մօտ, անոնց մնայուն բարկացոտութիւնն ու ջղագրգռութիւնն էր:
Բացարձակ ճշմարտութեան իրենց մօտ ըլլալը յայտարարելը, զոր մտքով հիւանդագին անձերու յատուկ է, զիրենք ընկերութենէն զատորոշող ազդակը կը հանդիսանայ: Նման մօտեցում ունեցողներ շուտով կ’առանձնանան, կը կղզիանան, կը կորսնցնեն իրենց բարեկամները, որ աւելի ու աւելի կը բարձրացնէ իրենց ջղագրգռութեան ջերմաստիճանը: Անոնք հետզհետէ կը դառնան առանձնակեաց գազաններ, որոնք կ’ուզեն յօշոտել իրենց շրջապատին մէջ գտնուողները:

Աշխարհի համայն մարդկութիւնը իրենց դիմաց հասարակաց թշնամի կը տեսնեն անոնք, եւ ճիգ չեն խնայեր զանոնք նուաճելու, ոտնակոխելու, եւ յոռեգոյն պարագային՝ յօշոտելու:
Իրենց գիտցածը «բացարձակ ճշմարտութիւն» ներկայացնելու հիմնական կերպ մը ունին նման թշուառականներ, որ պոռալն է: Պոռալը, որեւէ բանավէճի, կռուի թէ այլ պարագաներու, մէկ բանի նշան է՝ տկարութեան: Տկար ու անզօր մարդն է որ կը պոռայ, կարծելով թէ իր զայրոյթով պիտի վախցնէ իր հակառակորդները: Անոնցմէ ոմանք, իրենց ձայնին բարձրութեամբ, իրենց վախը կը փարատեն միայն:

Կենդանական աշխարհին մէջ ալ նման իրավիճակներու կը հանդիպինք: Շուներու կարգ մը տեսակներ, օտար մը տեսնելուն, անընդհատ կը հաջեն, դիմացինը վախցնելէ աւելի, իրենք ներքին ինքնավստահութիւն ապահովելու եւ «վտանգ»ը վանելու համար: Շան հաջոցին մէջ գտնուող վախի երեւոյթը հաստատելու համար, կը բաւէ գաւազան մը վերցնել, կամ՝ գետնէն քար մը առնելով իր ուղղութեամբ նետել: Յանկարծ կը տեսնես որ պոչին նայելով, 180 աստիճանի ետդարձ մը կը կատարէ ու կը հեռանայ: Մարդու պարագային անշուշտ, այս վախը տարբեր չափեր ունի: Սա ալ հոգեբանական ուրիշ երեւոյթ մըն է, որուն կ’արժէ առանձին անդրադառնալ այլ առիթով:

Բանականութեամբ կենդանիէն զատորոշուող մարդը, որուն ուղեղն ալ եթէ անհաւասարակշռութեան նշաններ ցոյց չի տար, բնա՛ւ չի պոռար ուրիշի մը վրայ: Բարկացոտութեան ու ջղագրգռութեան նշաններ ալ ցոյց չի՛ տար ան, որովհետեւ գիտէ, որ ուրիշն ալ կրնայ իրաւունք ունենալ:

Մտային անհաւասարակշռութենէ տառապող ցաւագարներուն համար, պոռալը ինքնապարտադրումի ամէնէն ազդու եւ արագ կերպն է: Սակայն, անոնք չեն կրնար անդրադառնալ, անշուշտ, որ ատիկա շատ տգէտ կերպ մըն է ինքնապարտադրումի: Հեղինակութիւնը մարդիկ կրնան վաստկիլ եւ ո՛չ թէ պահանջել իբրեւ իրաւունք: Խօսքիդ ճշմարտացիութեան նկատմամբ ուրիշներուն ունեցած հաւատքը, անձիդ նկատմամբ ունեցած անոնց յարգանքով պայմանաւորուած կ’ըլլայ: Յարգանքը մէկու մը պոռչտուքի ընթացքին արտաբերած ձայնի բարձրութեան չ’երթար, այլ անձին ու անոր վայելած վարկին եւ շրջապատին մէջ ունեցած հեղինակութեան կը տրուի:

Անհեթեթ երեւոյթը այն է, թէ խենթը նաեւ չանդրադառնար, որ իր պոռալուն իբրեւ հետեւանք ո՛չ մէկ բան կը փոխուի: Ինքնապարտադրումի բազմաթիւ ազնիւ այլ կերպեր կան, որոնք պարկեշտութեամբ, փոխադարձ վստահութեամբ, ու փոխադարձ յարգանքով կը շահուին: Բոլոր այս պայմաններն ալ զսպանակուած են աստուածային զգացումով մը՝ սիրով, որ երբ մարդկային կեանքը իր հակակշռին տակ առնէ, այնտեղէն կը չքանան անմարդկային վարմունքն ու ատելութիւնը: Իսկ նման կացութեան մը մէջ, ինքնապարտադրանք աւելորդ կը դառնայ, որովհետեւ փոխադարձ յարգանքը նման սին ու դիւային զգացումի մը տեղի չի՛ տար:

Ինքնապարտադրումի տգէտ կերպն է պոռալով իր ներկայութիւնը փաստելը: Որովհետեւ ճիշդ հակառակ արդիւնքը կու տայ ատիկա, եւ նուազագոյն յարգանքն իսկ, որ մարդիկ սխալմամբ տածած էին տուեալ անձին, այն կը շատ համարելով յետս կը կոչեն, յիմարը յաւիտենապէս յարգանքի ծարաւ թողելով:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2019, 13:27