«Տառապող եկեղեցիներ «Տառապող եկեղեցիներ 

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» 2018 թուականի տարեկան տեղեկագիրը

Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկը 2018 թուականին ամենէն շատ նիւթական օգնութիւն տրմադրած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ գաղթականներուն ի նպաստ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեգործական հիմնարկը հրապարակեց 2018 թուականի տարեկան տեղեկագիրը:

2018 ամբողջ տարուան ընթացքին վերոնշեալ հիմնարկը իր ազգային եւ միջազգային 23 գրասենեակներուն միջոցաւ 111.108.825 եւրօ հանգանակած է աշխարհի մէջ աղքատ եւ հալածուած եկեղեցիներուն ի նպաստ:

Հանգանակած գումարին մեծամասնութիւնը՝ ստացուած է շնորհիւ հիմնարկին բարերարներուն, որոնք ծառայած են 139 երկիրներուն մէջ 5019 մարդասիրական ծրագիրներու իրականացման, եւ որոնց մեծամասնութիւն իրակացուած են Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ:

Տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ 2011 թուականին՝ Միջին արեւելքի մէջ սկիզբ առած -արաբական գարուն-էն ի վեր, քահանայապետական հիմնարկը 92 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրագիրներ իրականացուցած է քրիստոնեայ փախստականներուն եւ գաղթականներուն ի նպաստ այդ տարածաշրջանէն ներս:

Մեծ գումար յատկացուած է քրիստոնեաներուն բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներու: Միայն Սուրիոյ համար տրամադրուած է 8.615.940 եւրօ: Քահանայապետական հիմնարկը , 2018 թուականին նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած է աշխարհի մէջ աւելի քան 40569 քահանաներուն, ինչպէս նաեւ նորընծաներուն, քահանաներուն կազմաւորման համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/06/2019, 10:39