Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Սոխ Ու Սխտոր Ծախողները

Բանջարեղէններուն առողջարար յատկութիւններուն մասին ամէն օր համացանցային էջերը, ծանուցումներն ու բժշկագիտական նորութիւնները ըսելիք ունին մեզի: Մսակերութիւնը նուազագոյն մակարդակի հասցնելու եւ միսին ունեցած յատկութիւններուն համարժէքը բոյսերուն մէջ բաւարար չափով յայտնաբերելու ու անոնցմով սնանելու խորհրդատուութիւնները ողողած են մեր առօրեան: Բժիշկին դիմող հիւանդին տրուող առաջին խորհուրդը նոր սննդականոնի հետեւիլն է, որուն ճաշացուցակէն հետզհետէ կ՛անհետանան կենդանական արտադրութիւն եղող ուտելիքները:

Աշխարհի տարբեր ծայրամասերուն մէջ աճող բանջարեղէններու տեսականիի շարքին իրենց իւրայատուկ տեղն ու համաշխարհայնօրէն ճանչցուած բուժիչ յատկութիւն ունին սոխն ու սխտորը: Ամէնէն անուանի ու մասնագէտ խոհարարին ձեռամբ իսկ պատրաստուած ամէնէն թանկարժէք կերակուրն ալ անպայման պակսող համ մը կ՛ունենայ իր մէջ, եթէ վերոյիշեալ աշխարհահռչակ երկու բանջարեղէններէն մէկը կամ միւսը անոր բաղադրութեան մաս չկազմէ:
Բանջարեղէններու շարքին իրարու հետ միախառնուող, իրարու հետ եփուող կամ պարզապէս միասին ուտուող տեսակներ կան, սակայն «յատկացուցիչ յատկացեալ» ըլլալու մեծագոյն պատիւը բացառապէս վերապահուած է սոխին ու սխտորին: Գրական եւ խօսակցական լեզուի մէջ ալ վերոյիշեալ երկուքին «եղբայրութիւն»ը միշտ հանրածանօթ եղած է, մէկուն յիշուելուն հետ միւսը չմոռնալու պայմանով:
Սոխն ու սխտորը բուժիչ յատկութիւն ունին եւ առողջարար մեծ ազդեցութիւն մարդկային մարմնին: Ւնչպէս սովորականական ցրտահարութեան դարման ու նաեւ՝ նոյն բանջարեղէնները, մանաւանդ սխտորը կը ներկայացուի իբրեւ քաղցկեղի տեսակներու կանխարգելիչ: Այսօր նաեւ՝ անոնցմէ կը պատրաստուին դեղահատեր, երբեմն անոնց հիւթը քամելով մասնաւոր շիշերու մէջ, իբրեւ լուծոյթ կը գործածուի այլ նիւթերու միախառնուած, դարձեալ բժշկական նպատակներու ծառայեցնելով զանոնք:
Կ՛ըսուի թէ սոխին ու սխտորին քաղցրը չկայ: Երկուքն ալ միշտ իրենց դառնութեան համով կը ներկայանան զիրենք ճաշակողներուն, առաւել կամ նուազ չափով:

Արտաքնապէս եթէ իրարու չեն նմանիր սոխը եւ սխտորը, մէկը՝ իրարու վրայ հագած շերտերով, իսկ միւսը իրարու վրայ կծկուած հատիկներով, սակայն անոնց հասարակաց գիծը, դառնութիւնն է: Սոխն ու սխտորը խնամիական կապով ալ առնչուած են իրարու: Գրաբար ոսկեղնիկ լեզուով մեր ունեցած առածներէն մէկը կ՛ըսէ. «Նման զնման գտանէ», այսինքն իրարու նման եղողները անպայման զիրար կը գտնեն կեանքի խաչմերուկներէն մէկուն կամ միւսին վրայ: Հեքիաթային պատումներու մէջ շատ տարօրինակ համարուող ամուսնութիւնները անոնք կ՛ըլլային, երբ թագաւորական կամ ազնուական տոհմի պատկանող մը իր կեանքին ընկերը ընտրէր ռամիկներու շարքերէն եւ ամուսնանար բանուորի աղջկան հետ:

Նոյն մակարդակը ունեցողներ պէտք է զիրար գտնեն, աւելորդ ծանրաբեռնուածութենէ ազատելու համար մարդկութիւնը:
Ծանօթ մը կ՛ըսէր. «Սոխ ծախողին տղան, սխտոր ծախողին աղջիկը կ՛առնէ»:
Յատկացուցիչ յատկացեալ մը եւս կը յայտնաբերուի այս ձեւով: Ուրեմն, իրենց համով, հոտով, իւրայատկութիւններով եւ նոյնիսկ արհեստով իրարու ծանօթները պէտք է մօտենան իրարու եւ գործեն միասնաբար: Միւս կողմէ սակայն, կայ նաեւ այս միութենէն յառաջացող վտանգը: Որովհետեւ եթէ երկու կողմերն ալ, ինչպէս սոխն ու սխտորը դառնահամ են, կրնայ այս միութենէն ծնիլ աւելի թունդ դառնութիւն, որ պիտի ապականէ միջավայրը: Նոյն արդիւնքը չե՞նք տեսներ, երբ երկու չարեր իրարու հետ սերտօրէն գործակցին: Անոնք ինչքան ալ խնամիական կապերով իրարու առնչուած ըլլան, դարձեալ այս միութենէն կը ծնի նոր չարիք մը, աւելի վատ ու աւելի՛ վնասաբեր հաւաքական մեր կեանքին համար:

Չարերու միաւորումէն բարիք ակնկալել զուր է, իսկ բարիներու միաւորումը անպայման բարիք պիտի բերէ մարդկութեան: Թող «սոխ»ն ու «սխտոր»ը իրենց զանազան յատկութիւններով միաւորուին, խնամիական կապերով աւելի սերտ առնչուին իրարու, սակայն իրենց դառնահամ ու լեղի հիւթերը բուժման ու առողջարար գործի ծառայեցնեն, այնպէս ինչպէս բուսական աշխարհի այս երկու բանջարեղէնները, որոնց մասին գովեստով անդրադարձանք մեր ամբողջ գրութեան ընթացքին: Միւս կողմէ սիրայօժար ընդունինք, որ սոխ ծախողին տղան, սխտոր ծախողին աղջկան հետ պէտք է ամուսնանայ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2019, 08:00