Նոր Զելանտիոյ մէջ ահաբեկչական արարքի թիրախ մզկիթը: Նոր Զելանտիոյ մէջ ահաբեկչական արարքի թիրախ մզկիթը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին խոր ցաւը Նոր Զելանտայի մէջ ահաբեչական արարքին ի լուր:

Նորին Սրբութիւնը իր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նոր Զելանտայի բոլոր բնակչութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

15 մարտ 2019-ին, Նոր Զելանտայի Կրայսթչըրչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ահաբեկչական արարք , քաղաքի Ալ Նուր» եւ « Լինուոտ» մզկիթներուն ուղղութեամբ։ Նախնական տուեալներով,  զոհուած են 40 անձեր, մինչ վիրաւորեալներուն թիւը կը հասնի 50-ի։

Այս ահաւոր արարքին ի լուր, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փեթրօ Փարոլին, ուրբաթ, 15 մարտին,  ֆրանչիսկոս  Պապին անունով յղած է  ցաւակցագիր մը որուն մէջ նշած է   

«Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխուր է ի լուր Նոր Զելանտայի Կրայսթչըրչ   քաղաքի մէջ  մզկիթի դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքի պատճառած  մարդկային կուրուստի եւ վիրաւորներուն: Նորին Սրբութիւնը  իր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նոր Զելանտայի բոլոր բնակչութեան,  յատուկէն մահմետական հասարակութեան: Ան իր աղօթքը կ՝ապահովուէ, ահաբեչական արարքի թիրախ զոհերուն,  վիրաւորներուն  եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կ՝ ողբան իրենց  սիրելիներուն կորուստը :  

Սրբազան Քահանայապետը յանձնելով բոլոր մեռեալները Աստուծոյ բարեգթութեան, Աստուծային սփոփանքի եւ զօրութեան օրհնութիւնները  կը հայցէ  Նոր Զելանտայի համայն ազգին:

Յայտնենք թէ ահաբեկչական ահաւոր արարքէն անմիջապէս ետք, Նոր Զելանտիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսները,  պատգամ մը յղած են, երկրի իսլամական հասարակութեան, ապահովուելով իրենց զօրակցութիւնն ու աղօթքը ահաբեկչական արարքի թիրախ զոհերուն ու վիրաւորներուն համար:

«Քաջ գիտակից ենք, այս երկրին մէջ մահմետականներուն հետ գոյացուած բարի յարաբերութիւններուն մասին, յատուկէն վրդովուած ենք այն իրողութեան համար, որ ահաբեկչական արարքը տեղի ունեցած է պաշտամունքի վայրի մը մէջ եւ աղօթքի ժամանակ: Գրած են եպիսկոպոսները ապա իրենց տխրութիւնը յայտնելով ահաբեկչական արաքի զոհերուն համար գրած են
Խորապէս տխրած ենք սպաննուած եւ վիրաւորուած անձերուն համար եւ մեր սիրտը կ՝երթայ անոնց ընտանիքներուն ու ընդհանրապէս անոնց հասարակութեան : Խաղաղութիւն, Սալամ »:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2019, 09:29