Վանի եկեղեցին Վանի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Դժուար Պատասխաններ

Ձերբակալութեան վախէն փախչող կամ գերի իյնալու վախի ենթակայ մարդու իրավիճակը, ամէնքս կրնանք պատկերացնել. այդ պահերը, երբ տուեալ անձը բռնուելու սարսափի մթնոլորտին մէջ, փախուստ կու տայ զինք հետապնդողներու ձեռքէն, հնարաւոր ամբողջ ճիգը ի գործ դնելով եւ կարելի բոլոր միջոցները ձեռք առնելով: Անոր համար ամէնէն նեղ եւ նոյնիսկ ամէնէն կեղտոտ անկիւնն իսկ ընդունելի կ՛ըլլայ, միայն թէ իր հակառակորդներուն կամ զինք բռնել ջանացողներուն ձեռքը չմատնուի:
Երբեմն կը պատահի, որ հալածուող անձին անհնար կ՛ըլլայ փախչիլ, երբ ան հասնի անել անկիւն մը, ուրկէ վեր բարձրանալ անկարելի կ՛ըլլայ, իսկ վերադարձը՝ արդէն վտանգաւոր…: Ուրեմն, վերջին ճիգ ալ թափելով իր կարողութեան սահմաններէն իսկ աւելի պայքար մղելու, ի վերջոյ կ՛իյնայ զինք բռնելու համար այնքան յոգնած խմբակին ձեռքը:
Վերոյիշեալ պատկերը, որուն հարազատ նմանութիւնը նաեւ բանաւոր խօսքի մէջ կը գտնենք, ,այո՛ եւ ,ո՛չ պատասխաններուն դժուարութեան համազօր է: Յաճախ ստիպուած կ՛ըլլանք այս երկու պատասխաններէն մէկը տալ, երբ հասնինք այն անկիւնը, ուրկէ հնարաւոր չէ՛ փախուստ տալ, ինչպէս վերի օրինակը կը պարզէր միեւնոյն կացութիւնը, ֆիզիքականօրէն խոյս տալու ձեւին տակ:
Բանիմաց, դիւանագէտ, քաղաքագէտ, կամ պարզ բառով մը՝ ճարպիկ անձեր շատ եղած են ու կան, որոնք օձաձուկի ճկունութեամբ կը փորձեն խուսանաւել իրենց առջեւ ծառացած դժուար խնդիրներէն եւ պահուըտիլ ժայռերու ետին: Ինչքան ալ որ վարպետ լուղորդներ իրենց ձեռքի սուիններով փորձեն այդ ժայռը տեղաշարժել, կամ անոր շուրջի աւազը քրքրել, դժուարութիւն կ՛ունենան օձաձուկին պոչը կամ գլուխը յայտնաբերել: Այս տեսակի մարդիկ թերեւս ամբողջ կեանք մը նոյն քաղաքականութեամբ կ՛ապրին, հեռու նուազագոյն բարոյականութենէ կամ նմանին հանդէպ զիջողական մօտեցումէ, այնպէս խորհելով, որ փոխյարաբերական կեանքի իսկական ձեւը այս է:
Օձաձուկի կերպարը դիտմամբ օրինակի վերածեցինք վերի պարբերութեան մէջ, որովհետեւ այսպիսի անձերու վարուեցողութեան մէջ խաբեբայութեան բաժինը շատ բարձր տոկոս կը ներկայացնէ: Աստուածաշունչի առաջին էջերէն մեզի կտակուած է օձին խաբեբայ բնաւորութիւնը: Ուրեմն, անոր բնաւորութեան որդեգրումը, նմանատիպ կը դարձնէ այն մարդիկը որոնք իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին սուտերով ու ճարպիկութիւններով փախուստ կու տան, իբրեւ թէ իրենց գործը յառաջ տանելու դիտաւորութեամբ:
Հետաքրքրական է նկատել, որ օձաձուկի կերպարով ծանօթ անձերը չե՛ն յոգնիր իրենց կեանքի այս ձեւէն:
Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի մէջ բարոյական օրէնքներու ամէնէն դժուարը, եթէ կ՛ուզէք, ճի՛շդ պատասխան տալն է: Անձնական շահը, ամօթի զգացումը, ուրիշին չվնասելու նրբանկատութիւնը, իրաւազրկեալին պաշտպան կանգնելու դիտումը, եկամուտի աղբիւրը չցամքեցնելու հեռանկարը եւ այլ շատ մը երեւոյթներ պատճառ կը հանդիսանան, որ մարդիկ ճիշդ պատասխան չտան:
Յիսուսի կատարած բարոյախօսութիւնը ,սեւի ու սպիտակի բացարձակ քարոզութիւն է: Այո-ի եւ ,ոչ-ի յստակութեան ոչ մէկ տեղ այնքան պարզ կարելի է հանդիպիլ, ինչքան Քրիստոնէական Վարդապետութեան մէջ. ,Ձեր այո-ն այո թող ըլլայ եւ ոչ-ը ոչ՝ (Հմմտ Մտ 5.37), պատուիրեց Տէրը իր հետեւորդներուն: Բարոյական սոյն բարձրութիւնը, որ կարելի է կոչել աստուածային բարձրութիւն, ամէն մարդու կարողութեան մէջ չի՛ գտնուիր: Մարդ կայ, որուն համար իր անձնական շահէն հրաժարիլը անձնասպանութիւն գործելու չափ դժուար գործ է: Կամ՝ իր հարազատին իրաւունքը պաշտպանելու համար, մարդ կայ որ պատրաստ է ամէն տեսակի սուտ խօսելու եւ զայն դժուարին կացութենէն ազատելու: Ուրեմն, ճշգրիտ պատասխան տալը մասնաւոր կարողութեան խնդիր է, որ անձէն վեր գտնուող արդարութեան սկզբունքին կը ծառայէ:
Կայ նաեւ երկու ամէնէն դժուար պատասխաններուն միջեւ գտնուող պատասխան մը, ՝՝չեմ գիտեր՝՝ պատասխանը։
ճշմարիտ Այո-ին եւ ,սուտ Ոչ-ին միջեւ ալ մեծ տարբերութիւններ կ՛երեւին, որոնց կշիռքը կը գտնուի մարդկային խիղճին մէջ, որուն դատաւորը Աստուած է:
Խիղճը քննողը Աստուած Ինքն է:
Այո ու ,ոչ ըսելէ առաջ, պէտք է հաշուի նստիս խիղճիդ հետ եւ իսկական պատասխանը իրմէ առնես: Այլապէս, դիւրութեամբ պատասխան տալէ վերջ, կրնաս ամբողջ կեանքիդ ընթացքին տառապիլ աներեւակայելի տանջանքով, որուն ժողովրդական անունը, խղճի խայթ է: Ասիկա դաշոյնի հարուած չէ, որուն ցաւը կարելի է մեղմացնել ցաւազերծիչներով, կամ այնպիսի վէրք մը չէ՛ որ հետզհետէ պիտի սպիանայ, միայն դառն յուշեր թողելով իր ետին:
Ապագայ որեւէ խղճի խայթէ ազատուելու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւը, ճիշդ ժամանակին ՝՝ճշմարիտ այո կամ ճշմարիտ ոչ՝՝ ըսելու քաջութիւն ունենալն է:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2019, 08:15