Աստուածայայնտութիւն Աստուածայայնտութիւն 

Իցի՜ւ թէ փայլող աստղ մը եւս կարենար մեզ ալ առաջնորդել... Աստուածայայտնութիւն (Մտթ. 2, 1-12)

Մոգերը չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այս աստղը

«...Մոգերը չափազանց ուրախացան, երբ կրկին տեսան այս աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին: Եւ ահա աստղը առաջնորդեց զիրենք մինչեւ որ եկաւ ու կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր» (Մտթ. 2, 9-10):

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մոգերը առաջինները չէին աստղի մը հետեւելու եւ անոր խորհուրդը գաղտնազերծելու: Հին նաւաստիները աստղերով կ՛առաջնորդուէին՝ ծովերուն վրայ նաւարկելու ժամանակ: Յոյները, Պարսիկներն ու Եգիպտացիները աստղերուն մասին  հետաքրքրական պատմութիւններ կտակած էին յետնորդներուն, եւ աստղերով ապագան կը գուշակէին:

Բանաստեղծները կը հայցէին աստղերուն օգնութիւնը՝ սէր որոնելու համար: Սակայն, Աւետարանի մէջ յիշուած աստղը տարբեր էր: Արդարեւ, այդ աստղն էր, որ մոգերն առաջնորդեց  Արեւելքէն դէպի...Աստուածորդին:

Իցի՜ւ թէ փայլող աստղ մը եւս կարենար մեզ ալ առաջնորդել դէպի Յիսուս: Միթէ՞ կեանքը աւելի հեշտ պիտի չըլլար: Մենք, որ օրերս, բազմաթիւ ձայներ ու ձաբռտուքներ կը լսենք եւ այլազան մոլորեցուցիչ ճամբաներ  բացուած կը տեսնենք մեր առջեւ, ի՞նչպէս գիտնանք, թէ որն է ուղիղ ճամբան որմէ ընթանալու ենք:

Պատասխանը հետեւեալն է. Աստուած մեզի տուած է աստղէ մը աւելի կարեւոր միջոց մը. Սուրբ Հոգին, «ճշմարտութեան Հոգին» (Յվհ. 16,13): Անիկա հեռաւոր աստղ մը չէ, այլ՝ մեր սրտին մէջ ապրող ու գործող կենդանի Աստուածն է: Սորվի'նք  Իրեն մտիկ ընելու կերպը:

Ըստ իս, կարեւոր կերպը ուղիղ ճանապարհէն ընթանալու՝ Աստուածաշունչ Սուրբ Գիրքն է: Դրուագներու եւ ուսուցումներու հաւաքածոյէն աւելի, Սուրբ Գիրքը «կենդանի է եւ ազդու» (Եբր. 4,12): Ի'նչ որ կը նշանակէ, թէ Հոգին Սուրբ կրնայ՝ հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած մէկ պատգամը արդիականացնել ու զայն մեզի հասկնալի դարձնել: Ան կրնայ մեզի յայտնել Աստուծոյ տածած սէրը մեզի հանդէպ, մեզ առաջնորդել, կամ ալ, մեզ մխիթարել փորձանքի ու փորձութեան ատեն:

Ջանանք մտիկ ընել Աստուածաշունչին: Անկէ գլուխ մը կամ համար մը զատենք ու հանդարտօրէն ու աղօթագին կարդանք: Ջանանք հեռացնել ցրումները մեր միտքէն՝ կեդրոնանալու համար Յիսուսի վրայ: Մենք մեզի հարց տանք՝ միթէ՞ մեր կարդացածը մեզի անձնապէս կը խօսի: Եթէ բարի ու խրախուսիչ է մեզի ներշնչուած մտածումները, ըսել է թէ Սուրբ Հոգին մեր մէջ իրապէս կը գործէ: Կը մնայ, որ այդ մտածումներուն վրայ խոկանք, թողլով, որ Ամենասուրբ Երրորդութեան Երրորդ Անձը, հետզհետէ մեր սիրտը  լայնօրէն բանայ՝ Յիսուսն ընդունելու մեր կեանքին մէջ:

Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2019, 11:09