Փանամայի երիտասրադներ Փանամայի երիտասրադներ 

Փանամայի ԵՀՕ։ «Քահանայապետը պիտի գտնէ կենսունակ ու բոլորին ծառայող եկեղեցի մը». Փանամայի Արքեպիսկոպոս։

«Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը կարիք ունին երիտասարդներուն. Ֆրանչիսկոս Պապը կը սպասենք աղօթելով»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փանամայի ԵՀՕ առիթ պիտի հանդիսանայ աւելի տեսանելի դարձնելու երիտասարդներուն իրականութիւնը, որոնց շարքին նաեւ գաղթական երիտասարդները եւ Ափրիկեան ցամաքամասի բնիկ հասարակութիւնները։

Երիտասարդներու Համաշխարհային 34-րդ Օրուան  նախօրեակին  Փանամայի Արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա Մենտիեթա, հարցազրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս շեշտը կը դնէ Փանամայի Եկեղեցւոյ առողջ իրողութեան վրայ, նկատել տալով որ Ան երկխօսութեան մէջ է տարբերին ու հեռաւորին հետ, գիտէ սատարել համամիութենական եւ միջ կրօնական երկխօսութեան, ու բոլորին ծառայութեան տակ գտնուող եկեղեցի մըն է որ չի բացառէր եւ ոչ մէկը։

Վատիկան Նիուզ Վատիկանեան լրագիր գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին գերապայծառ Ուլլոա Մենտիեթա նշեց թէ ԵՀՕ կանխող շաբաթներուն իրենք պատրաստուեցան աղօթքի միջոցաւ, այդ միջազգային ծրագիրը յանձնելով Տիրոջ նախախնամութեան։

Նախապատրաստական շրջանի ծիրէն ներս, երկու տարիէ ի վեր, ամէն ամսուայ 22 թուականը հռչակուած էր ԵՀՕ համար յատկացուած աղօթքի օր։ Թիւ 22 թուականը ընտրուած է որպէս մեծարանք եւ երախտապարտութիւն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին, որուն  ծիսական տօնը կը կատարուի 22 հոկտեմբերին եւ որ եղած է  ԵՀՕ նախաձեռնողը ։

Խօսելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութեան մասին Փանամայի Արքեպիսկոպոսը կը նշէ թէ Սրբազան Հայրը պիտի գտնէ երիտասարդ եւ ուրախ եկեղեցի մը, բազմացեղ ու բազմամշակոյթով եկեղեցի մը, յանձնառու Աւետարանի քարոզութեամբ։

«Եկեղեցի մը որ յուսախաբ պիտի չի թողու Քահանայապետին ակնկալիքները, ըլլալով դէպի դուրս եկեղեցի մը, որ միշտ կը փնտռէ անոնք որոնք կ՛ապրին արուարձաններուն մէջ։  Երկխօսութեան մէջ եկեղեցի մը» հաստատեց Փանամայի Արքեպիսկոպոսը  Ուլլուա Մենտիեթան, դիտել տալով թէ ԵՀՕ առիթ պիտի ըլլան ի յայտ դնելու երիտասարդներուն ապրած առօրեան, անոնց շարքին դնելով նաեւ բնիկ հասարակութիւններու ու ափրիկեան ցամաքամասի երիտասարդներն ու գաղթականները, «որոնք պէտք չէ անտեսել» նշեց ԵՀՕ հիւրընկալող եպիսկոպոսը որ զրոյցի աւարտին մաղթանք յայտնեց որ այդ հաւաքը երիտասարդներուն համար ըլլայ «առիթ՝ դուրս գալու աւելի մեծ ոգեւորութեամբ ու յանձնառումով գործելու՝  գոյութենական ու կեանքի հարցերուն պատասխաններ որոնելու նպատակով ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 08:25