Աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներ Աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներ 

Մէկ տարուան մէջ աւելի 4000 քրիստոնեաներ սպաննուած են:

2018 թուականին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, աւելի քան 245 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 16 յունուար 2019-ին, «Open doors - Բաց դուռեր», միսիոներական գրասենեակը հրապարակեց 2018 թուականին, աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն մասին տարեկան տեղեկագիրը:

Ըստ տեղեկագիրին, 2018 թուականին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ծանր հալածանքի թիրախ դարձած են աւելի քան 245 միլիոն քրիստոնեաներ, որոնցմէ 4305 անձեր սպաննուած են ՝ քրիստոնեայ հաւատքին համար, մինչ 31150 անձեր ձերբակալուած ու դատապարտուած առանց դատական վճիռին մը: Աշխարհին մէջ 2018-ին, 1847 եկեղեցիներ յարձակումի ենթարկուած են:

Միսիոներական գրասենեակը աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու թիւը ողբերգական նկատած է, ի տես ամէն տարի այդ թիւի աճումին:
Ինչ կը հայի գրասենեակի կողմէ ամէն տարի հրապարակած , սեւ ցուցակին, որուն մէջ տեղ կը գրաւեն այն երկիրները, ուր քրիստոնեաները իրենց հաւատքի պատճառաւ՝ ընկճուած վիճակի մէջ կը գտնուին եւ անիրաւաբար կ՛ենթարկուին բռնութիւններուն, սոյն սեւ ցուցակին մաս կը կազմեն ասիական 35 երկիրներ, ափրիկէէն 15 երկիրներ. եւ լատին ամերիկայէն 2 երկիրներ:

Սեւ ցուցակին մէջ ընդգրկուած երկիրներուն առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ Հարաւային Քորէան ուր բանտարկեալ քրիստոնեաներուն թիւը կը հաշուէ աւելի քան 50 հազար: Հարաւային քորէային կը յաջորդէ , Աֆղանիստանը- Սոմալիա- Լիպիան- Փաքիստանը- Եմենը- Իրանն- Հնդկաստանը ապա Սուրիան:

Աշխարհի գրեթէ 11 երկիրներու մէջ քրիստոնեաները ծանր հալածանքի ենթարկուած են, նշուած է միսիոնարական տարեկան տեղեկագիրին մէջ որուն աւարտին միսիոներական գրասենեակը կոչ ուղղած է միջազգային ընտանիքին՝ ընդառաջելու, աշխարհի մէջ հալածանքի թիրախ աւելի քան 245 միլիոն քրիստոնեաներուն աղերսին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2019, 09:55