Հայկական եկեղեցի Հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Կեղծիքն ու անկեղծութիւնը

Կեղծիքն ու անկեղծութիւնը բնականօրէն հականիշներ են, որովհետեւ երկու տարբեր իրավիճակներ, ըմբռնումներ, կեցուածքներ կամ մօտեցումներ կ՛արտայայտեն: Այսինքն, մէկը իրաւունք ունի յստակօրէն ըսելու՝ կա՛մ կեղծիք, կամ՝ անկեղծութիւն: Այս երկուքը կարելի չէ՛ համատեղել, համաձայնեցնել կամ զուգորդել մէկը միւսին:
Կեղծաւորութիւնը ժխտական իմաստով «շնորհք» մըն է, վատ «կարողութիւն» մը, ցաւալի «առաւելութիւն» մը, որ օձաձուկի ճկուն շարժումներով կ՛օժտէ շողոքորթ մարդը, ժամանակաւոր յաջողութիւններ ապահովելով անոր համար: Նման մասնակի յաջողութիւններու հասնելով, կեղծաւորին այնպէս կը թուի, որ իր ամբողջ կեանքը պիտի ըլլայ վարդի թերթերով սալարկուած վարդագոյն ճանապարհ, ուրկէ պիտի ընթանայ յաղթանակի թագը գլխուն եւ ամենահատու սուրը մէջքին:
Կ՛ըսեն, թէ կեղծաւորին լեզուն շատ աւելի թիւով գալարումներ կ՛ունենայ բերանին մէջ, քան ոչ-կեղծաւոր մարդուն լեզուն:
Շողոքորթ կամ կեղծաւոր դիմակներով շրջող մարդուն իսկութիւնը ճանչնալը յաճախ շատ դժուար աշխատանք եւ յարատեւ ճիգ կը պահանջէ: Ան ունի այնպիսի շարժուձեւերով մօտեցումներ, որոնք երբեմն չեն զանազանուիր անկեղծ վարմունքէ: Բարեգործութեան ու կեղծաւորութեան միջեւ մէկ մատ հեռաւորութիւն կը թողու ան, երբ պէտք է խաբել մէկը եւ նետել թակարդի մը մէջ: Առատ նուէրներով, գովեստի արտայայտութիւններով, գորովի ու հոգատարութեան շոյանքով, կամ ամենաբարձր հովանաւորութեամբ, ան կը ջանայ գրաւել սիրտը իր զոհին, առնելով զայն իր ամբողջական ազդեցութեան տակ: Կեղծաւորին բուն աշխատանքը կը սկսի ճիշդ այն պահուն, երբ ան զգայ, որ զոհը ամբողջութեամբ յանձնուած է իրեն, ապահով զգալով իր «գուրգուրոտ» ձեռքերուն մէջ:
Կեղծաւորութեան բացայայտումը վերջակէտ կը դնէ բնականաբար կեղծիքին, խոր հիասթափութեան մատնելով խաբուած անձը: Անիկա ակնթարթի մը մէջ կը վերյիշէ անցեալը, խոր ցաւ ապրելով կամ կ՛անդրադառնայ այն ձեւերուն ու թակարդներուն, որոնց միջոցաւ կեղծաւորը խաբած էր զինք:
Կեղծաւոր մարդուն անկեղծութեան մասին շատ քիչեր գիտեն: Յիսուս, իր ապրած օրերուն, իբրեւ մարդացեալ Աստուած, կեղծաւորներու մասին խօսելով բաւարարուեցաւ միայն, վա՜յ կարդալով անոնց գլխուն: Սակայն իր երկրորդ գալստեան ատեն արդեօք ինչպէ՞ս պիտի վարուի անոնց հետ…:
Մոլորուած ու իրենց կեանքի ընթացքին անորոշ հարուածներ ստացած մարդիկ անգիտակցաբար կը տարուին «անկեղծ» կեղծաւորներու հոսանքին, ամէն գաղտնիք խոստովանելով անոնց: «Անկեղծ» կեղծաւորին համար ի՞նչ բան հարկաւոր է այնքան, որքան ուրիշներու սիրտին գաղտնիքը իւրացնելը եւ կեղծ բարեկամութեամբ, անոնց «բարի» խրատներ տալը:
Շատերու մոլորումին պատճառը այն է, որ «անկեղծ» կեղծաւորները յանուն Աստուծոյ կը խրատեն, իսկ այն բարեպաշտները որոնք դժուարութեան մէջ են, իրենց աչքերը միշտ Աստուծոյ կը յառեն, Անկէ օգնութիւն ստանալու անկեղծ սպասումով: Շողոքորթին համար «երկնատուր պարգեւ» կը համարուի այս «ինքնընծայումը», որուն հետեւանքով կը բազմապատկուի, այս անգամ անգիտակից կեղծաւորներու փաղանգը, զոր միայն աստուածային միջամտութեամբ կարելի է դարձի բերել…:
«Անկեղծ» կեղծաւորներուն առաքելութիւնը նկատելի է, որ երկարաշունչ է: Սակայն կեղծիքը իր ինքնութիւնը երկար ժամանակ թաքցնելու դժուարութիւն ունեցող վարուելաձեւերէն մէկն է: Անիկա իր լեզուին տակ սիսեռի հատիկ մը թրջել չկարողացող միամիտ մարդուն կը նմանի, զոր ուշ կամ կանուխ դուրս պիտի բերէ…: Անոնց համար հոգեւոր պատիժ սահմանել՝ մեր իրաւասութենէն դուրս է:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2018, 08:07