Ալճերիոյ մէջ 19 կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ երանելի կը հռչակուին Ալճերիոյ մէջ 19 կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ երանելի կը հռչակուին 

Ալճերիոյ մէջ 19 կրօնաւորներ եւ կրօնաւորուհիներ երանելի կը հռչակուին:

19 կրօնաւորները ի գին արեան շարունակեցին հաստատ եւ կառչած մնալ իրենց կրօնաւորական կոչումին, վկայելով անշահախնդիր սէր՝ հանդէպ ահաբեկչական արարքներուն թիրախ կարիքաւորներուն, տառապողներուն՝ անխտիր անոնց կրօնային դաւանանքին՝ ըլլայ մահմետական ըլլայ քրիստոնեայ :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

8 տարբեր միաբանութիւններուն պատկան 19 կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիններ, երանելի կը հռչակուին, 8 դեկտեմբեր 2018-ին, Ալճերիոյ Տիրամօր նուիրուած Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին արարողութեան ընթացքին՝ նախագահութեամո Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Պեչչույին:

Յիշեալ 19 կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, որոնց միջեւ եպիսկոպոս մը, երանելի հռչակուելուն գլխաւոր եւ հիմնական պատճառը եղաւ, 1991-2002 երկարող խաւար տարիներուն,Ալճերիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, ժողովուրդին թիկունքը կանգնիլը:

Անոնք, ի գին արեան, շարունակեցին հաստատ եւ կառչած մնալ իրենց կրօնաւորական կոչումին, վկայելով անշահախնդիր սէրը՝ հանդէպ ահաբեկչական արարքներուն թիրախ կարիքաւորներուն, տառապողներուն՝ անխտիր անոնց կրօնային դաւանանքին՝ ըլլայ մահմետական ըլլայ քրիստոնեայ :

Նահատակ 19 կրօնաւորներուն կոչումը եղաւ, Ալճերիոյ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն շարունակել եղբայրական եւ բարեկամական կապեր հաստատել տեղւոյն բնակչութեան հետ, երկխօսութիւն մշակելով եւ խաղաղ բարեկեցութեան տիպար հանդիսանալով, հակառակ երկրի մէջ տիրող ողբերգական իրավիճակին: Անոնք առաջադրուած իրենց կրօնային վսեմ համոզմունքէն, ի գին արեան վճռեցին Ալճերիոյ մէջ մնալ, մխիթարելով եւ յոյս ներշնչելով քաղաքացիական պատերազմներու ահաբեկչական արարքներուն թիրախ ժողովուրդին, որուն զոհ գացին աւելին քան 150 հազար անմեղ անձեր:

Յայտնենք 19 կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն երանացման դատը սկիզբ առաւ 7 մայիս 2000-ին, Հռոմի Քոլոէսէօ ափիթատրոնէ մէջ նշուած, 20րդ դարու նահատակներուն նուիրուած յատուկ արարողութեան ընթացքին:

Յիշենք նաեւ թէ 1 Օգոստոս 1996-ին, 19 կրօնաւորներուն շարքին այն ժամանակուան Օրան թեմի եպիսկոպոսը- գերապայծառ՝ Քլաւերին, զոհ գնաց առաջնորդարանի մօտ ականուած ռումբի մը պայթումին: Նոյն ճակատագիրը ունեցան ապա միւս կրօնաւորները որոնք ուզեցին մնալ իրենց Հօտին մօտիկ նոյնիսկ արեան գնով։

Ներկայիս, Ալճերիոյ Օրան թեմի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Քան Փոլ Վեսքօ Ուաթան օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով յիշեալ մարտիրոսներուն երանացման արարողութեան , զայն նկատած է աննախադէպ ձեռնարկ մը ՝ ոչ միայն Ալճերիոյ համար այլեւ համայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար:

Գերապայծառը ապա յոյս յայտնած է որ սոյն երանցման արարողութիւնը եղբայրութեան նշան հանդիսանայ ոչ միայն Օրան թեմին այլեւ համայն աշխարհին:

Օրան թեմի եպիսկոպոսոը անդրադառնալով 19 նահատակներուն երանացման արարողութեան վայրին ընտրութեան, Օրանի թեմի Աստուածամօր Սանթա Քրուզ Մայր տաճարը յայտնած է թէ այդ վայրին ընտրութիւնը կապուած է Գերապայծառ Քլավերին սպանութեան վայրին »ուր նաեւ սպաննուած է անոր վարորդը՝ մահմետական երիտասարդ՝ մը նշած Օրան թեմին ներկայ եպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2018, 00:00