Ռայի Պատրիարքը նախագահ Աունը շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ շնորհաւորեց զայն Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով:
Ռայի պատրիարքը նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Վատիկան կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները` մաղթելով, որ Անկախութեան տօնին առիթով լիբանանցիներուն նուէրը ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը:
Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հաշտութիւնը: Ան նշեց, որ հաշտութիւնը մեծ արժանիք է` անցեալի էջը փակելու եւ դէպի ապագայ նայելու իմաստով:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանան չի կրնար այս ընթացքով շարունակել` յոյս յայտնելով, որ նախագահ Աունի կողմէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլին յանձնուած պարտականութիւնը կը յաջողի:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլէն, որ շնորհաւորեց զայն Մարատա հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ հաշտութիւնը հովանաւորելուն առիթով:
Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ