Յիսուս կեանքի հացը Յիսուս կեանքի հացը 

Ներումի շնորհքը

«Քեզի չեմ ըսեր՝ «մինչեւ եօթն անգամ», հապա՝ «մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը»։» Յիսուսին այս խօսքերը հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամի սրտին կը տանին։

«Ասոր համար ես կ’ըսեմ ձեզի. Ամէն ինչ որ պիտի խնդրէք աղօթքով, հաւատացէք թէ պիտի առնէք զայն, եւ պիտի տրուի ձեզի։ Երբ դուք կանգնիք աղօթքի, եթէ բան մը ունիք ուրիշի դէմ, ներեցէք անոր, որպէսզի ձեր Հայրը որ երկինքն է, ներէ ձեզի ձեր յանցանքները»։
(Մարկ. 11, 24 26)

Վերոնշեալ աւետարանին մէջ Պետրոս Յիսուսին կը հարցնէ. «Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ քանի՞ անգամ ներեմ անոր. Մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Յիսուս կ’ըսէ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր՝ «մինչեւ եօթն անգամ», հապա՝ «մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը»։ Յիսուսին այս խօսքերը հաշտութեան եւ խաղաղութեան պատգամի սրտին կը տանին։

Հետեւաբար, հնազանդելով իր պատուէրին, ամէն օր մեր Երկնաւոր Հօրմէն խնդրենք մեր յանցանքներուն ներումը այնպէս ինչպէս կ’ըսենք Տէրունական աղօթքին մէջ, «որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց»։ Եթէ պատրաստ չենք նոյնը ընելու, հապա ինչպէ՞ս պիտի կարենանք խղճմտօրէն խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար աղօթել։
Այնպէս ինչպէս մեզմէ կը խնդրէ Յիսուս, պէտք է հաւատանք որ ներումը հաշտութեան առաջնորդող դուռն է։ Մեզի պատուիրելով որ մեր եղբայրներուն ներենք առանց որեւէ պայմանի, Ան մեզմէ կը խնդրէ ընել բան մը որ ամբողջովին արմատական է, բայց նաեւ մեզի շնորհքը կու տայ զայն կատարելու։
Մարդկային տեսանկիւնէն, որչափ անկարելի, անհասանելի եւ մինչեւ իսկ անգամներ գարշելի թուի, սակայն Յիսուս զայն կարելի կը դարձնէ եւ պտղաբեր՝ իր անհուն Խաչի զօրութեան միջոցաւ։ Արդարեւ, Քրիստոսի Խաչը կը յայտնէ Աստուծոյ ոյժը յաղթահարելու ու վերացնելու ամէն բաժանմունք, բժշկելու ամէն վէրք՝ որքան ալ խոր ըլլայ ան, եւ վերահաստատելու եղբայրասիրական հարազատ կապերը։

Հայր Գէորգ Եպիսկոսպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/11/2018, 08:06