Հալածուած Քրիստոնեաներու յիշատակին Հալածուած Քրիստոնեաներու յիշատակին 

Վենետիկի «Քանալ Կրանտէ» կամուրջը արեան գոյնով կը լուսաւորուի հալածուած քրիստոնեաներուն ի յիշատակ։

Ձեռնարկի ծիրէն ներս նախատեսուած են վկայութիւններ՝ որոնց շարքին Եգիպտոսի Ղպտի Եկեղեցիէն գերապայծառ Պութրոս Ֆահիմի վկայութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

20 նոյեմբեր 2018-ին, նախաձեռնութեամբ տառապող եկեղեցիներու օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան եւ Վենետիկի Պատրիարքութեան, Վենետիկ քաղաքի «ՔանալԿրանտէ» կամուրջը ու քաղաքի այլ յատկանշական վայրեր կարմիր գոյնով կը լուսաւորուին յիշատակելու համար աշխարհի մէջ միլիոնաւոր քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները ու յատկապէս յիշելու Ասիա Պիպին՝ Փաքիտսանցի քրիստոնեայ տիկինը որ սուտ ամբաստանութեամբ 8 տարիներ ամբողջ կալանաւորուեցաւ ու անցեալ 31 հոկտեմբերին՝ Փաքիստանի բարձրագոյն ատեանի որոշումով ազատ արձակուեցաւ։

Վերոնշեալ ձեռնարկը կազմակերպուած է՝ «Մատոննա Տէլլա Սալութէ» Տիրամօր պազիլիքային երիտասարդներուն թեմական աւանդական ուխտակցութեան առթիւ որ ամէն տարի կը գլխաւորէ Վենետիկի Պատրիարքը՝  գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Մորալիա։

Ձեռնարկի  ծիրէն ներս նախատեսուած են վկայութիւններ՝ որոնց շարքին գերապայծառ Պութրոս Ֆահիմի վկայութիւնը՝ Եգիպտոսի Մինիա շրջանի Կաթողիկէ Ղպտի եպիսկոպոսը, որ երիտասարդներուն եւ ուխտագնացութեան մասնակցող ուխտաւորներուն  պիտի ներկայացնէ կրօնական ազատութիւնը ոտնակոխող ընկերութեան մը մէջ ապրելու դժուարութիւնները։

Նշենք թէ անցեալ տարիներուն եւս կարմիր գոյներով լուսաւորուեցան այլ քաղաքներու կարեւոր յուշարձաններ՝ ինչպէս Հռոմի «Ֆոնթանա Տի Թրեվին», «Քոլոսսէումը», Լոնտոնի «Ուեսթմինսթերի» շէնքը, Փարիզի «Սուրբ Սիրտ» պազիլիքան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2018, 09:14