Անթիլիասի մայրավանքը Անթիլիասի մայրավանքը 

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Անկլիքան-ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը:

Յանձնախումբը կը քննարկէ ընդհանրապէս աստուածաբանական ու դաւանաբանական յատուկ կարեւորութիւն ունեցող եւ յատկապէս եկեղեցիներու բաժանման պատճառ հանդիսացած կնճռոտ հարցեր:

Երեքշաբթի, երեկոյեան, 23 հոկտեմբեր 2018-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց անկլիքան եկեղեցւոյ եւ ուղղափառ (ոչ-քաղկեդոնական) եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնախումբը: 18 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը, որ կը գործէ վերջին շուրջ 20 տարիներուն, կը քննարկէ ընդհանրապէս աստուածաբանական ու դաւանաբանական յատուկ կարեւորութիւն ունեցող եւ յատկապէս եկեղեցիներու բաժանման պատճառ հանդիսացած կնճռոտ հարցեր:
Վեհափառ հայրապետը` իր գնահատանքը յայտնելով կատարուող աշխատանքին համար, շեշտեց անհրաժեշտութիւնը անցեալէն եկող հարցերուն առընթեր նաեւ քննելու եկեղեցին յուզող ներկայ ժամանակներու յատուկ ընկերաբարոյական (socio-ethical) խնդիրներ, որոնք նոյնքան բաժանումներ յառաջացուցած են եկեղեցիներուն միջեւ եւ նոյնիսկ նոյն եկեղեցւոյ մէջ ներքին տարակարծութիւններու դուռ բացած: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կարեւոր նկատեց եկեղեցւոյ մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, մանաւանդ հոն, ուր եկեղեցիներ ընկերութեան կեանքին մէջ փոքրամասնութիւն են:
Յանձնախումբին համա-ատենապետները խօսք առնելով` իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին հանդիպումին համար եւ խնդրեցին հայրապետին օժանդակութիւնը իրենց աշխատանքին, յատկապէս բարդ հարցերու քննարկման ծիրին մէջ:
Յանձնախումբին անդամ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2018, 07:45