Փիացցա Արմերինա Փիացցա Արմերինա  

Փիացցա Արմերինա թեմին երիտասարդները կը պատրաստուին ընդունիլ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Փիացցա Արմերինա Թեմին երիտասարդները կազմակերպած են «Երիտասարդութեան Տօնախմբութիւն» բնաբանով ձեռնարկ մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 15 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ միօրեայ Հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Փիացցա Արմերինա եւ Փալերմօ, Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզի նահատակութեան  25-րդ տարեդարձի յիշատակումի առթիւ։

Սրբազան Քահանայապետին հովուական այցելութեան վայր ժամանումի նախօրեակին, ուրբաթ 14 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Փիացցա Արմերինա Թեմին երիտասարդները  կազմակերպած են  «Երիտասարդութեան Տօնախմբութիւն» բնաբանով ձեռնարկ մը, որուն առթիւ նախատեսուած են խոկումի պահեր, երգեր ու տօնախմբութիւն, որ պիտի տեւէ մինչեւ ուշ գիշեր ու պիտի աւարտի Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի արարողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 09:09