Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի  

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին - «Խրատ Ծերոյ Մեծի» յորդորներ։

Յիշեալ գլխուն մէջ «ծեր»ը, երէց եղբայրակիցն է որ կը խրատէ։ Այնտեղ կան խրատներ առօրեայ կեանքի եւ նիւթական բարիքներու հայող։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս վրդ. Սագայեան

Դարեր շարունակ, հայ կրօնաւորներ եւ վանականներ ներշնչուած են վանական կեանքի մեծ դէմքերէն, անոնց վարքէն եւ խրատներէն. ասոնց կարգին են «անապատի հայրեր» կոչուած Եգիպտոսի միայնակեացներն ու ճգնաւորները եւ այլ սուրբ հայրեր։ Բացի վանականութեան հիմնադիր եւ կազմակերպող հայրերու գործերէն, ինչպէս Սուրբ Բարսեղ Մեծ, Կասսիանոս եւ ուրիշներ, ներշնչումի կարեւոր աղբիւրներէն մին եղած է «Վարք Հարանց» հաւաքածոն։ Արդէն նախորդ հաղորդումներուն մէջ անդրադարձանք այդ հաւաքածոյի մէջ բովանդակուած, միայնակեացներու, կրօնաւորներու կամ ճգնաւորներու ուղղուած ցուցմունքներուն։

Այսօր կանդրադառնանք «Խրատ Ծերոյ Մեծի» կոչուած յորդորներուն։ «Ծեր» յորջորջումը յարաբերական է եթէ նկատի առնենք տարիքը, որովհետեւ չկայ որոշ տարիք մը ուր անձը կարելի էր «ծեր» նկատել։ Առաւել եւս՝ «ծեր» բացատրութիւնը կրօնքի կամ հոգեւոր կեանքի մէջ կը գործածուէր այն անձին համար, որ հասնելով որոշ հասունութեան կամ սրբութեան ու կատարելութեան աստիճանի մը, ատակութիւնն ունէր առաջնորդելու ուրիշները։ Արդէն Հին Կտակարանի մէջ կայ «ծեր» անուանումը։ Նաեւ քրիստոնէութեան մէջ «ծեր»ը առաջնորդն է, ուսուցիչ եւ դաստիարակող։ Վանական կեանքի մէջ մեծ դեր կը խաղայ ուսուցիչ-աշակերտ, կամ վարդապետ-աշակերտ յարաբերութիւնը։ Արդ, յիշեալ գլխուն մէջ «ծեր»ը, երէց եղբայրակիցն է որ կը խրատէ։ Այնտեղ կան խրատներ առօրեայ կեանքի եւ նիւթական բարիքներու հայող։

Կը պատմուի թէ օր մը «Ծեր»ը, ուսուցիչը կը տեսնէ թէ երիտասարդ եղբայրակիցը կամ աշակերտը «ծանրացած էր կերակուրներով» որովհետեւ երեկոյեան օտարներ (հիւրեր) եկած էին անոր մօտ։ Ապա ուսուցիչը կը յանդիմանէ աշակերտը եւ կ՛եզրափակէ յանդիմանութիւնը ըսելով՝ «անոնք որոնք զԱստուած կը սիրեն, պէտք է իրենց բոլոր գործերուն մէջ բաժին ձգեն Քրիստոսի»։ Կրտսեր եղբայրակիցը կը հարցնէ՝ «Հայր, իսկ ո՞րն է Քրիստոսի բաժինը»։ Ուսուցիչը կը պատասխանէ՝ «Երբ մաքուր հաց գտնես, թո´ղ այդ հացը հիւանդին եւ դուն կեր վատը՝ Քրիստոսի համար։ Եւ եթէ քեզի անոյշ գինի բաժին իյնայ, քիչ մը քացախ խառնէ մէջը։ Եթէ միրգ ուտես՝ մի՛ յագենար անով, այլ մաս մը թող ըսելով՝ ահաւասիկ Քրիստոսի բաժինը։ Եւ եթէ փափուկ բարձ գտնես, թո´ղ այդ եւ քար դիր գլխուդ տակ եւ ըսէ՝ Քրիստոսի համար։ Եթէ անկողինիդ մէջ մսիս, համբերէ ըսելով՝ թէ ուրիշներ բնաւ չեն ննջեր։ Եւ եթէ արհամարհուիս, լռէ ըսելով՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ ա´ն ալ ինծի համար արհամարհուեցաւ։ Եթէ տաք կերակուր ունենաս, քիչ մը անհամցուր զայն, ըսելով՝ թէ ուրիշներ որ աւելի արժանի են, նոյնիսկ հաց չեն ուտեր, իսկ ես անարժանս նոյնիսկ խորտիկներ կʼուտեմ, ե՛ս որ պէտք է մոխիր եւ փոշի ուտէի։ Եւ ընդհանրապէս, ամէն ինչի մէջ միշտ քիչ մը նեղութիւն խառնէ, թէ՛ ուտելու, թէ՛ խմելու, թէ՛ ննջելու եւ թէ՛ գործելու մէջ։ Միշտ նեղութեամբ եւ խոնարհութեամբ ապրէ, մտածելով, թէ ինչպէս ապրեցան սուրբերը, եւ թէ ի´նչպէս պիտի գայ ժամը եւ երբ մեծ նեղութեան մէջ գտնէ քեզ, հոն (արքայութեան մէջ) հանգիստ պիտի գտնես։

Քու խուցիդ մէջ կախուած աւելորդ զգեստ կամ հանդերձ մի ունենար, որովհետեւ դա քեզի համար մահ է, եւ թէ ուրիշ արդարներ կը մսին, իսկ դուն որ մեղաւոր ես՝ աւելին ունիս։ Նաեւ աւելորդ անօթ եւ ոչ իսկ աւելորդ ասեղ մը ունեցիր, որովհետեւ անոր համար Աստուծոյ պատասխան պիտի տաս։ Կեանքիդ մէջ ոսկի մի ընդունիր, ապա թէ ոչ Աստուած քեզի հոգ պիտի չտանի։ Իսկ եթէ քեզի ոսկի բաժին իյնայ, եթէ պէտք է, անով գնէ կերակուր կամ հանդերձ, այլապէս քեզի պէտք չէ եւ քու կեանքիդ մէջ դա տեղ թող չունենայ։»

Հետեւցնելով «Մեծ Ծեր»ին, երէց եղբայրակիցին կամ ուսուցիչին խրատներէն, կրնանք եզրակացնել, թէ մարմնական նեղութիւնները որ կրօնաւորը կամ վանականը իր վրայ կʼառնէ ինքնանպատակ չեն։ «Քրիստոսի բաժին» կը ձգէ կրօնաւորը իր կերակուրէն, հանգիստէն, քունէն եւ ստացուածքէն։ Կը տեսնենք սակայն, թէ «Քրիստոսի բաժին ձգելը» հիմնականին ոչ թէ լոկ նեղութիւն կրելն է, այլ ուրիշներու մասին մտածելը։ Երբ կրօնաւորը կը վայելէ նիւթական բարիքներ, պէտք է մտածէ ուրիշներու մասին, որոնք աւելի արժանի են վայելելու զանոնք եւ կամ որոնք զրկուած են այդ բարիքներէն։ Այս խրատը կը յիշեցնէ մեզի Քրիստոսի խօսքերը վերջին դատաստանի մասին (Մտթ ԻԵ. 31-45)։ Նիւթական բարիքներէ կամ վայելքներէ հրաժարիլը կամ զանոնք չափաւոր կերպով վայելելը կրօնաւորը աւելի կը մօտեցնեն Քրիստոսի։ Այդ կենցաղով ան կ՛արժանանայ յաւիտենական հանգիստին, մինչ նիւթականի կապուելով՝ կը հրաժարի Աստուծոյ հոգատարութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 10:22