Աստուածամօր Իքոնի առջեւ աղօթք Աստուածամօր Իքոնի առջեւ աղօթք 

Յառաջիկայ 31 օգոստոսին Կիւրեղ Պատրիարք - Բարթողոմէոս Ա հանդիպում։

Պատրիարքները պիտի քննարկեն «երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ ուրբաթ 31 օգոստոս 2018-ին, Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ   Կիւրեղ Պատրիարքը պիտի ժամանէ Իսթանպուլ ու Ֆանարի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա-ի հետ, Անոր հետ քննարկելու համար «երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր»։ Հանդիպման լուրին հաստատումը հաղորդած են երկու Պատրիարքները։

Մոսկուայի պատրիարքութեան եկեղեցական արտաքին կապերու  գրասենեակի փոխ նախագահ Գերապայծառ Նիքոլայ Տանիլեվիչը արտայայտուելով վերոնշեալ հանդիպումի մասին դիտել տուած է թէ «պատշաճ պայմաններ կան որ այս հանդիպումը դառնայ դրական իրադարձութիւն մը՝ ի նպաստ երկու եկեղեցիներու կապերու բարելաւումին ու միջ-օրթոտոքս յարաբերութիւններու ամրապնդումին»։ Այս առընչութեամբ նշենք թէ անցեալ Յուլիս ամսոյն մէջ Կ.Պոլսոյ տիեզերական Եկեղեցիէն պատուիրակութիւն մը մեկնած էր Մոսկուա ու հանդիպում ունեցած՝ Կիւրեղ Պատրիարքին հետ, առ ի պատրաստութիւն վերոնշեալ վեհաժողովին։

Նշենք նաեւ թէ երկու Պատրիարքները մինչեւ օրս ունեցած են առ նուազն չորս հանդիպումներ՝ 2009-ի Յուլիսին Ֆանարի մէջ, 2010-ի մայիսին Մոսկուայի մէջ, 2014-ի մարտին Իսթանպուլի մէջ ապա 2016-ին Զուիցերիոյ մէջ՝ օրթոտոքս եկեղեցիներու հաւաքի մը առթիւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2018, 09:49