Երանելի Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերօ Երանելի Օսքար Առնուլֆօ Ռոմերօ 

Երանելի Օսքար Ռոմերոյի մասունքներէն մաս մը յանձնուեցաւ Փանամայի թեմի արքեպիսկոպոսին:

Երանելի Օսքար Ռոմերօ, Երանելի Պօղոս Զ Պապին հետ միասին սուրբերու դասին պիտի արժանանայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 2018-ին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Առաջին անգամուան համար Երանելի Օսքար Արնուլֆօ Ռոմերոյի մասնունքներէն մաս մը, օգոստոս 1, 2018-ին, յանձնուեցաւ Փանամայի թեմի արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլօա Մենտիելային, ի տես 2019 յունուար ամիս Փանամայայի մէջ կայանալիք երիտսարդաց համաշխարհային հաւաքին:

Գերապայծառ Խօսէ, երանելի Օսքար Առնուլֆոյին մասունքներուն յանձնումի արարողութիւնը նկատած է Եղբայրական ճեսթ մը, դիտել տալով , որ երանելի Ռոմերոն, յառաջիկայ 14 հոկտեմբերին սուրբ պիտի հռչակուի եւ պաշտպան սուրբերէն մին պիտի հանդիսանայ Փանամայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին: Երանելիին մասունքը կը պարունակէ անոր կողի ոսկորէն առնուած բեկոր մը:

Երանելին Ռոմերօ ծնած էր Էլ Սալւատոր՝ 15 օգոստոս 1917-ին: Ան եղած է իր ծննդավայրին արքեպիսկոպոսը 1977-էն մինչեւ իր վախճանումը : Հայր Ռոմերրօ  անխոնջ պայքար մղած է իր հայրենքին մէջ անարդարութեան եւ բռնութեան արարքներուն դէմ, նոյնիսկ զոհելով իր կեանքը: Սպանուած է 24 մարտ 1980-ին, Սուրբ Պատարագ մատուցած ժամանակ:

Գերապայծառ Ռոմերօ երանելի հռչակուած է 2015-ին մայի ամսոյն, ապա երանելի Պօղոս Զ Պապին եւ այլ երանելիներուն հետ Սուրբերու դասին պիտի արժանանայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամիսը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 09:18